2014-10-08 10:09:54

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Աստուածայի՞ն տեսիլք, թէ դիւային մտածում
Իմացապէս եւ երբեմն ալ ֆիզիքապէս տկարները ոտնահարելու եւ անոնց կրօնական ու հոգեւոր ապրումները շահագործելու միջոցներ դարձեր են այսպէս կոչուած՝ «աստուածային տեսիլքները»։
Շատ են Կենաց Բանի քարոզիչ համարուող եւ խօսքի դիմակաւոր վարպետներ, որոնք գիտեն լաւապէս որսալ փորձութեան մէջ ինկած, ինկող եւ իյնալու վրայ եղող անձերը, օգտագործելով անոնց տկարութիւնը, ու միամիտ ու կոյր հաւատքը...
Անոնք լաւ սորված են նաեւ «օրօրելու» արուեստը, կ՝օրօրեն տկար մարդիկ, մինչեւ որ անոնք գլխապտոյտ ստանալով փաթթուին իրենց վիզին, իբրեւ ամէնէն վստահելի անձեր . եւ անգամ մը որ անոնք իյնան նման բազուկներու մէջ, ալ անկէ ետք կը սկսի արջու ողջագուրումը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ փաթթուելով խեղդել ու սպաննել իր ձագերը… Այլեւս ի զո՜ւր անոնք պիտի պոռան ու ճչան ազատուելու համար, որովհետեւ այն երազները, որոնք փայփայած էին երկա՜ր տարիներ իրենց հոգեւոր ապրումներով ու կրօնական բիւրեղ զգացումներով, պարզապէս թեւաբեկ պիտի իյնան սալայատակին, պատրանաթափումի ամէնէն վատ զգացողութեան ընկերացած:
Խօսքի վարպետներուն «շոյող» ափերու քնքշանքին ներքեւ պարտադրուող անուշ քունը պատճառ կը դառնայ նաեւ երազներ տեսնելու, որոնք լաւագոյն առիթները կը հանդիսանան խօսքի վարպետներուն համար շարունակելու սկսուած կատակերգութիւնը, համոզելով հիփնոսացած ողորմելիները, որ հաւատան իրենց կողմէ տրուող բոլոր սնամէջ մեկնաբանութիւններուն, նոյնիսկ եթէ բացայայտօրէն անտրամաբանական թուան անոնք: Ենթականերուն ընդարմացած ջիղերը այլեւս չեն ունենար բաւարար ուժն ու դիմադրողականութիւն, վանելու քունը կամ լայն բանալու աչքերն ու ականջները եւ զգալու այն խեղկատակ արարները, որոնք կը բեմադրուին իրենց համար, խօսքի վարպետներու դիւթիչ կախարդանքով:
Երբեմն ալ «տեսիլքի» ճամբով խօսքի խաբեբայ վարպետներուն կը յայտնուի թէ՝ մէկը հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին պիտի տապալի ու գետին փռուի զգայազիրկ, եւ երբ պատահմամբ իրական դառնայ տեսիլքը, պարզամիտին կոյր հաւատքը կ՝աւելնայ ու ենթակայ կը դառնայ խաբեբային։
Աստուածային պատուհասը երբեմն զարմանալիօրէն կ՛ուշանայ անոնց համար, որոնք մանաւանդ Իր անունով բարձրաձայն սուտ կը խօսին: Մարդոց անունով, կամ անոնց փոխարէն, նոյնիսկ զանոնք պաշտպանելու համար սուտ խօսողները աւելի նուազ մեղաւորներ են, քան անոնք, որոնք Աստուծոյ անունով օր ցերեկով սուտ կը խօսին:
Յիշեալ «տեսիլքները» «Աստուածային Տեսիլք» կոչելու յանդգնութիւն ունեցողները, իրենց ներկայացուցած ձիւթավառ գեհենին մէջ պէտք է նետուին։ Անոնց տեսիլքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ դիւային տեսիլք, բառին վաւերական ու ամէնէն հարազատ իմաստով…
Դիւային մտածումները, դեւերու միտքին մէջ ծնունդ կ՛առնեն: Իսկ դեւերը երկրի ընդերքին կամ բոցկլտացող կրակներու մէջ պէտք չէ՛ փնտռել. անոնք շատ իրական են ու կը շրջագային մեր շուրջ՝ ամէնուրեք: Երբ մէկը «Աստուածային Տեսիլքը» դիւային մտածումով կը յաջողի այլափոխել, ուրեմն նաեւ կրնայ աղօթքը կախարդութեան ու եկեղեցին դժոխքի վերածել, կործանելով հաւատքի ընդհանրական հիմունքը:
Փորձութեան ուրուականներ են ասոնք, մեր կեանքի խաչմերուկներուն վրայ դաշոյնի պէս մեր դիմաց ցցուող:
Պէտք է ամէն գնով հալածել այդ ուրուականները, այլապէս արհամարհելի այդ փոքր կայծերը շուտով կրակ կը դառնան ու տառապանքի կաթսային տակը կը վառեն, համայն մարդկութիւնը անոր մէջ ձէթի պէս եռացնելով:
Բնա՛ւ արդար չէ՛, որ նման խեղճութիւններ շահագործեն Աստուածաշնչական սրբափայլ դէմքերու եւ եկեղեցւոյ լուսերամ հայրերու տեսանելու շնորհքը, անոնց կարողութենէն բաժին մը ունենալ դաւանելով անմտօրէն…







All the contents on this site are copyrighted ©.