2014-10-07 13:37:34

Սիւնհոդոսական երկրորդ նիստի ընթացքին շօշափուած նիւթերու մասին հակիրճ ակնարկ։


(Ռ.Վ.- 7 Հոկտեմբեր 2014) Ընտանիքի նուիրուած սիւնհոդոսական նիստերու առթիւ, երեքշաբթի 7 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս­­, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ` Սիւնհոդոսական երկրորդ նիստի ընթացքին շօշափուած նիւթերու մասին հակիրճ ակնարկ մը։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ սիւնհոդոսական նիստերուն ներկայ գտնուեցաւ`180 սիւնհոդոսական հայրերու հետ միասին, նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Նիստին կեդրոնական նիւթն էր` Աստուծոյ ծրագիրը սուրբ պսակի եւ ընտանիքի նկատմամբ եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնը եւ ամուսնութեան ու ընտանիքի մասին վարդապետութիւնը։
Այս ուղղութեամբ սիւնհոդոսական հայրերը, մեկնելով այն իրողութենէն թէ Ընտանիքը մարդկային ընկերութեան հիմնական առանցքը կը կազմէ, հաստատեցին թէ ընտանիքը պէտք է պաշտպանուի որովհետեւ անորմէ կախեալ է մարդկութեան ապագան։ Ելոյթները ապա շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը եկեղեցւոյ ոճն ու լեզուն յարմարեցնելու ժամանակակից աշխարհի պահանջներուն, ունկնդրելով աշխարհը որպէսզի աշխարհը ապա ունկնդրէ Եկեղեցւոյ ձայնը, հիմնուելով կարեւոր եւ հրատապ նիւթերու վրայ` ինչպէս մարդու ու կնոջ միջեւ հաւասարութիւնը եւ բռնութեան մերժումը։
Աւետարանը պէտք չէ բացատրուի այլ պէտք է յայտնուի – հաստատեցին սիւնհոդոսական հայրերը - մատնանշելով աշխարհական հաւատացեալներու կարեւոր դերին` Բարի Լուրը հռչակելու համայն աշխարհին։ Իսկ ինչ կը հայի, դժուարութեան մէջ ապրող զոյգերու մասին, սիւնհոդոսական հայրերը ընդգծեցին Եկեղեցւոյ `անոնց մօտիկ ըլլալու հարկաւորութիւնը։ Ամուսնութիւնը է ու կը մնայ անլուծելի խորհուրդ, հաստատեցին անոնք, մատնանշելով թէ Սիւնհոդոսը կասկածի տակ չի դնէր Վարդապետութիւնը այլ կը խորհրդածէ անոր հայող Հովուական հարցին շուրջ` թէ ինչպէս կիրարկել այդ Վարդապետութիւնը յաջս ընտանիքներու ապրած ժամանակակից մարտահրաւէրին։
Նիստերու ընթացքին զեկուցումները ընդգրկեցին ապա ''անկատար'' ամուսնութիւններու հարցը ու ասոնց հանդէպ եկեղեցւոյ սիրոյ արտայայտութեան եւ ուշադրութեան կարեւորութիւնը։
Այլ շօշափուած հարց մը եղաւ նաեւ ''կղերականութեան'' մերժումը. Շատ անգամ Եկեղեցին աւելի մտահոգուած կը թուի իշխանութեամբ քան ծառայութեամբ, ասոր համար շատեր կը հեռանան անկէ։ Անհրաժեշտ է վերադառնալ Քրիստոսի նմանութեան ու գտնել հեզութիւնը։ Եկեղեցւոյ բարենորոգումը կը սկսի կղերին բարենորոգումէն որովհետեւ երբ հաւատացեալները անոնց մէջ գտնեն իսկական այլ ոմն Քրիստոսներ, կը մօտենան Եկեղեցւոյ։ Քննարկումի նիւթ հանդիսացաւ նաեւ Արեւելեան Ծէսերու ամուսնացեալ քահանաներու հարցը ու ապա քուէարկութեան դրուեցաւ եւ մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ­` սիւնհոդոսական հայրերու կողմէ քաջալերանքի եւ գնահատանքի պատգամի յղումը` Ւրագի ընտանիքներուն, որոնք կ՛ապրին Իսլամական ծայրայեղութեան սպառնալիքի տակ եւ տեղահան եղած են իրենց հաւատքը չուրանալու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.