2014-10-07 09:31:38

Եգիպտոսի խորհրդարանը կը քննարկէ եկեղեցիներու շինութեան արտօնութեան օրէնքին վերատեսութիւնը։


Ծայրայեղ մահմետական սալաֆիթները հակառակ են ծրագրին։
(Ռ.Վ.- 7 Հոկտեմբեր 2014) Եգիպտոսի 1934-ի օրէնսդրութիւնը, հայող եկեղեցիներու շինութեան, գրեթէ անկարելի կը դարձնէր եկեղեցաշինութիւնը։ Ամէն նոր եկեղեցւոյ մը շինութիւնը պէտք ունէր նախագահական արտօնագիրին։ Իրականութեան մէջ գրեթէ անկարելի էր արտօնագիր մը ձեռք ձգել եւ շատ մը քրիստոնեայ գիւղեր զրկուած էին եկեղեցի մը ունենալէ կարելիութենէն եւ հաւատացեալները պատարագի մը ներկայ գտնուելու համար պէտք էին կատարել տասնեակ քիլոմեթրեր ։
Նոր նախագահ` Ապտել ֆաթահ ալ Սիսի խնդրած է խորհրդարանէն վերատեսել այդ օրէնքը։Եգիպտոսի քրիստոնեայ համայնքները մեծ յոյսով կը հետեւին խորհրդարանական բանակցութիւններու, մինչ ծայրայեղ մահմետականները զայրացած են օրէնքի վերատեսութեան ի տես։
2014-ին վաւերացուած նոր սահմանադրութեան 64-րդ յօդուածը կերաշխաւորէ կրօնական ազատութիւնը։ Սալաֆիթները հակառակ են օրէնքի վերատեսութեան որոնց գնահատումով Ղպտիները կ՛ուզեն քրիստոնէութիւնը տարածել Եգիպտոսի կարգ մը մարզերէն ներս, որպէսզի ապա Եգիպտոսէն զատուին եւ անկախ պետութիւն մը ստեղծեն։։








All the contents on this site are copyrighted ©.