2014-10-07 09:26:35

Անկար Երեխաներուն օժանդակող կեդրոն


ԵՐԵՒԱՆ.– Մարտ 2014էն «Արմենակ եւ Աննա Թադէոսեաններ» բժշկական կեդրոնին մէջ, «Վիւասել–Էմ.Թի.Էս.»ի օժանդակութեամբ իր գործունէութեան սկսաւ մանկական վերականգնողական եւ ցերեկային խնամքի կեդրոնը, որ կը սպասարկէ մտային, ֆիզիքական, հոգեբանական–ընկերային, ուսումնական եւ վարքագծային խնդիրներ ունեցող երեխաներու:
«Վիւասել–Էմ.Թի.Էս.»ի ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ կեդրոնին մէջ երեխաներուն եւ սպասարկող անձնակազմին համար երկու անգամ սնունդ տրամադրել եւ կահաւորել ննջասենեակները: Այժմ կեդրոն կը յաճախեն 40 երեխաներ՝ 26ը գիւղաբնակ, իսկ 14ը՝ քաղաքաբնակ: Ընդհանուր առմամբ, 2013-2014ին «Վիւասել–Էմ.Թի.Էս.»ը կեդրոնին տրամադրած է աւելի քան 23 միլիոն 850 հազար դրամ:
«Մենք ուրախութեամբ ենք համագործակցում այս կենտրոնի հետ, որտեղ յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաները ստանում են անհրաժեշտ հետեւողական մասնագիտական բուժում: Մենք համոզուած ենք, որ դրական տեղաշարժ եւ առաջընթաց կարելի է գրանցել, եթէ այս երեխաները զգան մեր հոգատարութիւնը, ուշադրութիւնը եւ աջակցութիւնը, ինչն ամենակարեւորն է երեխաների հետ աշխատելիս», յայտնած է «Վիւասել–Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Վերականգնողական ծառայութիւնները կը մատուցուին բազմամասնագիտական խումբի անդամներու համագործակցութեան շնորհիւ եւ կարելիութիւն կու տան սահմանափակ կարողութիւն ունեցող երեխաներուն՝ ստանալու բժշկական–հոգեբանական եւ մանկավարժական համակարգուած օգնութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.