2014-10-06 10:56:56

Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի խօսքը Ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի աշխատանքներու բացման առթիւ։


Աշխատինք հեզութեամբ եւ անկեղծութեամբ ընտանիքին ի սպաս։

(Ռ.Վ. 6 հոկտեմբեր 2014) Այսօր սկիզբ առաւ եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսը որուն ի շառս 191 սիւնհոդոսական հայրերուն մասնակցեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Ժողովական հայրերուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ապա ակնարկեց Եպիսկոպոսներու պատասխանատուութեան, ներկայացնելով երկու հիմնական պայմաններ ժողովին արդիւնաւէտութեան համար։
Առաջին` յստակ խօսիլ եւ անկեղծօրէն արտայայտել այն ինչ որ կը մտածեն առանց նախապաշարումներուն։ Երկրորդ՝ խոնարհութեամբ ունկնդրել եւ սրտբաց ընդունիլ ժողովական եղբայրներուն արտայայտած գաղափարները։
Դուք – ըսաւ Քահանայապետը - ՝՝ձեր հետ կը բերէք տեղական եկեղեցիներու ձայնը։ Մեծ պատասխանատուութիւն մըն է սիւնհոդասական նիստերուն փոխադրել տեղական եկեղեցիներու իրականութիւնն ու հարցերը, օժանդակելու անոնց ընթացքին ընտանիքի Աւետարանին ուղիին վրայ։ Այս առընչութեամբ հիմնական պայման է խօսիլ յստակ ու անկեղծ օրէն արտայայտել գաղափարները առանց մտավախութեան, ապա թէ ոչ մեր ըրածը ''սիւնհոդասականութիւն'' ըլլալէ կը դադրի – պարզեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով նաեւ ունկնդրել հեզութեամբ սիւնհոդասականներուն եղբայրներուն խօսքը։
Այս մէկը ըրէք անդորրութեամբ եւ խաղաղութեամբ որպէսզի սիւնհոդոսը ընթանայ միշտ Սուրբ Պետրոսի հետ եւ Անոր ենթակայ, մինչ Քահանայապետի ներկայութիւնը բոլորին համար երաշխիք եւ հաւատքի պահապան է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքին աւարտին ու եզրափակեց` Սիրելի եղբայրներ, ամէնքս միասնաբար համագործակցինք որպէսզի յստակօրէն հաստատուի սիւնհոդոսի ներգործութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.