2014-10-06 14:41:14

Միջազգային Գարիթասի ''Բոլորին կերակուր'' խորագիրով քայլարշաւը։


(Ռ.Վ. 6 հոկտեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, երկուշաբթի, 6 հոկտեմբերին, միջազագային գարիթասի նախաձեռնութեամբ ''բոլորին կերակուր'' խորագիրը կրող քայլարշաւի առթիւ, լսատեսողական պատգամ մը յղած է որուն մէջ կրկնելով Յիսուսին խօսքը` ՝՝Անօթի էի եւ դուք կերակուր տուիք ինծի ուտելու՝՝, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ այս խօսքերը, այսօր եւս մեզ կր խրախուսեն չշեղեցնելու մեր նայուացքը՝ եւ անտարբերութեամբ չի նայելու երբ կը հանդիպինք անօթութենէն տառապող մերձաւորին։
Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց բոլոր հաւատացեալները մասնակցելու միջազգային գարիթասի ''Բոլորին կերակուր'' քայլարշաւին, բարձրացնելով իրենց ձայնը ի սպաս անօթիներու պաշտպանութեան, յատկապէս քայլարշաւի ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.