2014-10-05 09:58:54

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատկերասփռուած ճառը Ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումի պատկան Լոփիանօ գիւղաքաղաքի հիմնադրութեան 50 ամեակի առթիւ։


Ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումի պատկանող՝ Լոփփիանօ կոչուած գիւղաքաղաքին հիմնադրութեան 50 ամեակին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը, շաբաթ, 3 հոկտեմբերին, լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց գիւղաքաղաքին բնակիչներուն եւ բոլոր անոնց որոնք հեռուէն կը մասնակցին տօնախմբութեան։
Նորին Սրբութիւնը Ճառին մէջ հաստատեց թէ Լոփիանօն իրականութիւն մըն է որ կ՝ապրի եկեղեցւոյ եւ աշխարհի ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ կենդանի եւ արդիւնաւէտ վկայութիւնն է անձերու եւ ազգերու, եւ զանազան մշակոյթներու միջեւ՝ սիրոյ փոխադարձ յարաբերութեան ։
Սրբազան Հայրը ապա խրախուսեց բնակիչները յարատեւելու իրենց ուղեւորութեան մէջ­, հաւատարիմ եւ կառչած մնալով 50 տարի առաջ մշակուած լ գիւղաքաղաքի ծրագիրներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը պատկերասփռուած Ճառին մէջ Լոփիանոյի իրականութիւնը համարեց որպէս կեանքի դպրոց որուն վարդապետն է Յիսուսը ու ապա քաղաքացիները, որոնք կը վկայեն Աւետարանը, որակեց որպէս թթխմոր եւ աղ՝ սիրոյ նոր քաղաքացիական կեանքի։
Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը գիւղաքաղաքի բնակիչներուն մաղթեց միշտ դէպի առջեւ նայիլ եւ մ յոյսով ու քաջութեամբ ձգտիլ բարձունքներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.