2014-10-05 10:36:06

''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'' Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի առթիւ աղօթքի հսկում։


Շաբաթ 4 հոկտեմբերի երեկոյեան, ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'' բնաբանով Եպիսկոպոսական Գ ընդհանուր եւ արտակարգ սիւնհոդոսի նախօրեակին, Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ աղօթքի եւ խորհրդածութեան հսկումի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 50 հազար հաւատացեալներ եւ որուն ընթացքին մի քանի ընտանիքներ ներկայացուցին իրենց ընտանեկան կեանքի փորձառութիւնները։
Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ընտանիքը կը մնայ մարդկայնական դպրոց մը որ հաւասար չունի, ու անհրաժեշտ ներդրում աւելի արդար եւ եղբայրական ընկերութեան մը։ Ան ապա հրաւիրեց աղօթել Սիւնհոդոսական հայրերուն դիտաւորութեան Սուրբ Հոգիէն խնդրելով Աստուծոյ կամքին ու ժողովուրդին աղաղակին ''ունկնդրութեան'' շնորհքը. ''Շնորհքը անկեղծ, բաց եւ եղբայրական բանակցութեան, որ մեզ մղէ մեր վրայ առնելու դարաշրջանի յեղաշրջումներէն բխած հարցադրանքներուն հովուական պատասխանատուութիւնը։ Քահանապեատը ապա մատնանշեց թէ ''վճռական պայման է նաեւ մեր նայուածքը սեւեռել Յիսուս Քրիստոսին ու ջանալ որդեգրել Անոր ապրելակերպի եւ մտածողութեան մտայնութիւնը որպէսզի կարենանք սիւնհոդոսական աշխատանքները վերածել ուղեցոյցի եւ ճանապարհորդութեան` ի սպաս անհատին եւ ընտանիքի հովութեան։
Պատգամին աւարտին Սրբազան Հայրը հայցեց ''Պենտեկոստէի շունչը'' սիւնհոդոսի աշխատանքներուն, Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան վրայ, որպէսզի լուծէ այն հանգոյցները որոնք արգելք կը հանդիսանան մարդոց իրար հանդիպելու, բուժէ վէրքերը որ տակաւին կ՛արիւնին, արծարծէ յոյսը ու պարգեւէ այն ստեղծագործական սէրը որ թոյլ կու տայ սիրել այնպէս ինչպէս Յիսուսը սիրեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.