2014-10-04 12:13:34

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ի նպաստ աղօթքի հսկումին հազարաւոր ընտանիքներու մասնակցութիւնը


Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները, աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'' բնաբանով` ընտանիքի նուիրուած Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նախօրեակին, շաբաթ 4 հոկտեմբերի երեկոյեան կազմակերպած է աղօթքի հսկում Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ, որուն` բացի սիւնհոդոսական հայրերէն կը մասնակցին հազարաւոր ընտանիքներ եւ կաթողիկէ կազմակերպութիւններու անդամներ։
Ձեռնարկին նպատակակէտն է բացայայտել Իտալիոյ Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը հանդէպ ''ընտանեկան'' կառոյցին կեդրոնական կարեւորութեան։
Հսկումի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ վկայութիւններ. երկու նշանուած զոյգերու` Անթոնիօ եւ Ռոպերթա, որոնք կը պատրաստուին սուրբ պսակի խորհուրդին. Երկու պսակուած զոյգերու Մարկէրիթա եւ Մարքօ, անոնց չորս զաւակներու եւ որդեգրուած փոքրիկ աղջնակին հետ միասին։ Մինչ Անթոնելլան եւ Նիքոլան, վեց տարիներ իրարմէ բաժնուելէ ետք, այսօր վերագտած են միութիւնը ու դարձեալ կ՛ապրին նոյն յարկին տակ։
Հսկումի աղօթքը սկիզբ կ՛առնէ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար Նունցիօ Կալանթինոյի ներկայացումով եւ Եպիսկոպոսական դասի նախագահ` Կարդինալ Անճելօ Պանիասքոյի ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք տեղի կ՛ունենան վկայութիւններ ու աղօթք։ Հսկումի արարողութիւնը կ՛եզրափակուի Ֆրանչիսկոս Պապի արտասանած ճառով։








All the contents on this site are copyrighted ©.