2014-10-03 09:43:35

ՄԱԿի մօտ Վատիկանի մնայուն դէտը կը յիշեցնէ որ մարդիկը վաճառքի ապրանք չեն։


Անտարբերութեան համաշխարհայնացումի դէմ կոչ։
''Մարդիկը ապրանք մը չեն'' յայտարարած է գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի` ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, խօսք առնելով ՄԱԿի փախստականներու գերատեսչութեան գործադիր կոմիտէի 65-րդ նիստի ընթացքին։
Ան կոչ ըրած է մտայնութեան յեղաշրջումին յաղթահարելու անտարբերութեան համաշխարհայնացումը։ Բազմաթիւ են զոհերը որոնք խեղդամահ եղան Միջերկրական ծովու մէջ որ դարձաւ փախստականներու գերեզմանատունը - յայտնեց Վատիկանի դիւանագէտը խստիւ դատապարտելով մարդավաճառութեան պատասխանատուները։
Վատիկանի դիւնագէտը գաղթականութեան մասին միջազգային օրէնսդրութիւնը որակեց որպէս չափազանց սահմանափակ եւ որու հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր անհատներ քաղաքական ապաստան խնդրելու տեղ, կը պարտադրուին յանձն առնել իրենց կեանքի ճակատագրական ճամբորդութիւնը։ Անոնք իրենց հայրենիքէն կը հեռանան խուսափելու վտանգներէն եւ հարստահարումներէն պատշաճ կեանք մը ապահովելու իրենց ու իրենց պարագաներուն համար։
Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը ապա շեշտեց հարկաւորութիւնը, որ միջազգային հասարակութիւնը աւելի մեծ յանձնառումով կանխատեսէ ընդհարումները ու արտահանումի դրդապատճառները, հաստատելով թէ երկխօսութեան ու զօրակցութեան միջոցաւ նպատակադրուած ընդհարումներու կանխատեսումը, բարգաւաճ ու թերաճ երկիրներու միջեւ ստեղծուած վիհը կը վերածէ, հարթելով ճանապարհը աւելի խաղարար ապագայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.