2014-10-03 13:23:08

Կոչումները կը նմանին ''անտաշ ադամանդներու''յայտնեց Սրբազան Հայրը Կղերի Ժողովի լիանսիտ հաւաքի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ։


Ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սրի Լանքայի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Մահինտա Ռաեաբաքսա ու անոր ընկերացող շքախումբը։
Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց Կարդինալ Ժայմ Լուքաս Օրթէկա Ի Ալամինոն` Քուպայի Հապանայի Սան Քրիսթոպալի Արքեպիսկոպոս, որմէ ետք Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի անդամներուն, ու ապա Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Կղերի Ժողովի լիանիստ հաւաքի 80 մասնակցողները ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ` Կոչում, Կազմաւորում եւ աւետարանացում։
Ներշնչուելով Մատէթոսի աւետարանէն – ըսաւ Քահանայապետը – կը սիրեմ կոչումը համեմատել ''արտի մէջ թաղուած գանձին'' (Մատթ 13,44)։ Գանձ մը զոր Աստուած կը դնէ մի քանի անձերու սրտին մէջ, որոնք կանչուած են հետեւելու Իրեն։ Այս գանձը, որ կարիքը ունի յայտնաբերուելու, մէկ մը հարստացնելու համար չէ եղած։ Ոչ մէկը Տէր է իր կոչումին, այլ պարզ մատակարարն է Աստուծոյ կողմէ իրեն յանձնուած շնորհքին, ի սպաս մարդոց բարիքին, ներառեալ անոնք որոնք հեռացած են կրօնէն եւ չեն դաւանիր Քրիստոսը։ Միեւնոյն ժամանակ, համայն քրիստոնեայ հասարակութիւնը պահպանն է այս կոչումին - ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ աւելցուց - Աստուած չի դադրիր անձերը կոչելու իրեն ծառայութեան, սակայն մենք ալ ունինք այս ուղղութեամբ պարտականութիւն որ կարող ենք իրագործել կազմաւորումի միջոցաւ, որ կը նշանակէ պահպանել եւ աճեցնել կոչումները, որպէսզի հասուն պտուղներ պարգեւեն։
Կոչումները կը նմանին ''անտաշ ադամանդներու'' – յայտնեց ապա Սրբազան Հայրը - որոնք աշխատանքի կը կարօտին, որպէսզի փայլին Աստուծոյ ժողովուրդին առջեւ։ Եկեղեցին կ՛որդեգրէ Յիսուսին նախատեսած կազմաւորումի ձեւը ''եկուր, հետեւէ ինծի եւ ըրէ այն ինչ որ ես կ՛ընեմ''։
Յիսուսի աշակերտներու կազմաւորումը մշտական է ու կ՛ընկերանայ օծեալին կեանքի ճանապարհորդութեան, ընդգրկելով անոր անձի ամբողջականութիւնը` բանականութեամբ, մարդկայնօրէն եւ հոգեպէս։ Այս կազմաւորումն ու կոչումը ունին յստակ նպատակ մը որ է աւետարանացումը։
Ամէն մէկ կոչում եղած է առաքելութեան մը համար եւ ձեռնադրուած խորհրդակատարներու առաքելութիւնն է աւետարանացումը, իր բոլոր դրսեւորումներով։ Աւետարանութեան առաջին ձեւը եղբայրութեան եւ հաղորդութեան վկայութիւնն է, ընդմէջ քահանաներուն եւ եպիսկոպոսներուն։ Աւետարանութեան առաքելութեան մէջ քահանաները կանչուած են իրենց մէջ աճեցնելու Հովիւ ըլլալու գիտակցութիւնը, որոնք առաքուած են իրենց հօտին մօտ մնալու։ Այս կը նշանակէ քահանաներ ''ըլլալ'' եւ ոչ թէ պարզապէս ''քահանայութիւն'' կատարել, հեռու աշխարհիկ հոգեւորականութենէն եւ իրազեկ թէ իրենց գործերէն առաջ իրենց կեանքն է որ կ՛աւետարանէ։ Եւ այս կարելի է մեկնելով աղօթքէն, որ կը բխի սրտէն, Տիրոջ հետ երկխօսութենէն, որ է քահանայական կեանքին սիրտը - յորդորեց
Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց ներկաները խրախուսելով որ շարունակեն իրենց գործունէութիւնը ու վերահաստատելով թէ, մշտատեւ կազմաւորումի միջոցաւ մշակուած կոչում մը, հաղորդութեան մէջ, կը դառնայ աւետարանութեան զօրեղ գործիք մը Աստուծոյ ժողովուրդի ծառայութեան ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.