2014-10-03 13:26:16

Ազգականական յարաբերութիւններու կարգաւորումը


RealAudioMP3 Նախորդ հաղորդումին մէջ խօսեցանք ազգականականյարաբերութիւններու կարգաւորման մասին , այսիքն թէ ինչպէս ընտանիք մը, կամ զոյգ մը պարտի ազգականական յարաբերութիւնները դասաւորել, մէկ խօսքով՝ կանոնաւորել, որովհետեւ մարդ արարած սերած է ընտանիքէ եւ այդ ընտանիքին կապուած կը մնայ արիւնով, պատկանելիութեամբ, հոգիով ու միտքով:
Ըսինք թէ ընտանիքի մը գաղտնիքը բացարձակապէս պէտք չէ հասարականայ եւ զոյգերը կը հասարակացնեն այգաղտնիքը, երբ նախ՝ իրենց զաւակներուն առջեւ կը վիճաբանին բարձրաձայն:
Արդ, զգուշանալու համար այն բոլոր ելեւէջներէ եւ անխոհեմութիւններէ, որոնց կրնայ ենթարկուիլ ոեւէ զոյգ, կը ներկայացնենք վեց խրատներ, որոնք «Բացարձակապես Ոչ» կը սկսին։
Առաջին՝ բնաւ երբեք կամ բացարձակապէս հեգնանքով մի ակնարկէք ձեր կողակիցին գէշ ունակութեան: Խելացի անձը մէկ որոշում կ՛առնէ անդարձ կերպով : Ուստի, անձնական որոշում պարտիք առնել ձեր կողակիցին առջեւ՝ չդրսեւորել անոր դիմաց այս կամ այն գէշ ունակութիւնը : Այլապէս, կը չարչարէք աւելորդ տեղ եւ կը դառնաք մէկ խօսքով՝ sadist
Երկրորդ՝ բնաւ երբեք, բացարձակապէս զիրար մի՛ քննադատէք ուրիշներուն առջեւ : Իրար գիրար քննադատելով կամ խծբծելով ուրիշներուն ներկայութեան՝ վտանգաւոր հետեւանքներ կ՛ունենաք :
Որովհետեւ փոխադարձ քննադատութիւնըր կամ խծբծանքն ուրիշներու առջեւ՝ կ՛արտայայտէ ճաշակի ու կենցաղավարութեան պակաս, ապա նեղի կը մատնէ ուրիշները, որոնք բոլորովին անտեղեակ կամ ալ անտարբեր են ձեր հարցերուն նկատմամբ :
Հուսկ, փոխադարձ խծբծանքը կ՛արտայայտէ նաեւ այն ճնշուած ու թաքնուած քինախնդրութիւնը, զոր կը տանիք իրարու հանդէպ տունին մէջ ու ձեր արտայայտութեամբ եւ անոր դրսեւորումով առիթ կու տաք իրարու վրիժառութեան զգացումին:
Իրարու պարտիք ըսել. «Բնաւ պիտի չվիրաւորեմ քու արժանապատուութիւնդ ուրիշներու առջեւ, ո՛չ ցերեկուան եւ ոչ ալ գիշերուան մէջ : Ո՛չ ծնողքիս եւ ո՛չ ալ ծնողքիդ առջեւ : Ո՛չ քու ներկայութեանդ եւ ո՛չ ալ բացակայութեանդ:
Երրորդ՝ մի բաղդատէք զիրար ուրիշներու հետ : Իւրաքանչիւր զոյգ ունի իր յատկութիւններն ու պակասութիւնները : Իւրաքանչիւր անձ ունի ինքնուրոյն յատկութիւններն ու պակասութիւնները :
Չորրորդ՝ մի նետէք ականուած ռումբեր : Եթէ իրարու միջեւ բան մը կայ, որ անհաճոյ կը թուի ձեզի զայն յստակօրէն քօղազերծեցէք: Յանկարծ մի՛ ըսէք իրարու, ես շատոնց այդ բանը կամ այն բանը չէի սիրած քու մէջդ: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ տարիներէ ի վեր համբերած ես եւ լռած ես: Իրար հասկացողութեամբ շիտակ եւ ուղղակի կերպի մը դիմեցէք :
Հինգերորդ՝ բնաւ երբեք տունդ մի ձգեր, երբ կինդ լացի մէջ է: Լացը արդիւնքն է գգուանքի պակասին: Ուստի, գգուէ զայն : Մի ըսեր, թէ մանուկներու պէս կր վարուի : Անարգական խօսք մը բնաւ պէտք չէ ելլէ քու բերնէդ :
Վեցերորդ՝ բնաւ երբեք իրարու վրայ ձեռք մի՛ նետէք, եթէ ոչ զիրար սիրելու, զիրար գգուելու համար :
Այս բոլոր ըսուածներէն ետք եւ այս բոլոր ըսուածներուն հետ կը մնայ հարցումը, որ բոլորս կը մտատանջէ : Հարցի մը պարագային, տարակարծութեան մը պարագային, անհամաձայնութեան մը պարագային՝ որո՞ւն դիմել, ի՞նչ ընել.. :
Նախ եւ առաջ դիմել Աստուծոյ Խօսքին, որ կը լուսաբանէ ամէն բան, կը լուսաւորէ ամէն միտք եւ կը հսկէ բոլոր սէրերուն վրայ: Սորվիլ միասին կարդալ Աստուծոյ Խօսքը եւ այդ Խօսքէն քաղել ոյժ, լոյս եւ ուղղութիւն:
Երկրորդ՝ միասին տանիլ հարցերը աղօթքի մէջ: Քրիստոնեայ ընտանիք մը պարտի սորվիլ միասին աղօթել, միասին ծունկի գալ Աստուծոյ առջեւ՝ խնդրելով Իրմէ ներողամտութեան հոգին, որ հիմն է ձեր փոխադարձ սիրոյն:
Երրորդ՝ դիմել Աստուծոյ Խօսքով տոգորուած անձի մը, Աստուծոյ սիրով առլցուն անձի մը: Այդ անձն ըլլայ բարեկամ ընտանիք մը, կամ այդ անձը ըլլայ վարդապետ մը, որպէս զի արդարամիտ կերպով, անշահախնդիր կերպով ուղղէ ձեզ, որովհետեւ որեւէ ընտանիքի մը մէջ, երրորդ անձի մը ներկայութիւնն անհրաժեշտ է, երրորդ աչք մր պարտի գտնուիլ, որ ձեզ դուրսէն դիտէ, անկողմնակալօրէն դիտէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.