2014-10-02 14:46:24

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 2 հոկտեմբերի քարոզը ''պահապան հրեշտակը գոյութիւն ունի մտիկ ընենք անոր խորհուրդներուն''


Հինգշաբթի, 2 հոկտեմբերին, ըստ լատինաց ծէսին տօնն է ''պահապան հրեշտակներուն''։ Ֆրանչիսկոս Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց պահապան հրեշտակներուն վրայ։
Օրուան սուրբ գրային ընթերցումները կը ներկայացնեն երկու պատկերներ՝ հրեշտակը եւ մանուկը ըսաւ Քահանայապետը ընգծելով թէ հրեշտակները երեւակայան վարդապետութիւն մը չեն այլ Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած ընկերներ մեզ առաջնորդելու համար մեր կեանքին ուղեւորութեան մէջ։ Ան պապա մատնանշեց Յիսուսին աշակերտներուն ուղած յանձնարարութեան ըլլալու մանուկներ` երբ անոնց իրարու միջեւ կը վիճէին ''առաջնութեան'' համար։
Ամէնքս – ըսաւ Քահանայապետը – Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն ունինք մեր պաշտպան հրեշտակը, որ մեզ կը պահպանէ։
՝՝Եթէ մեզմէ մէկը կարծէ թէ կարող է մինակ ընթանալ կեանքին մէջ ան կը սխալի եւ կ՝իյնայ ինքնաբաւութեան,եւ հպարտութեան սխալին մէջ'' ըսաւ Քահանայապետը զգուշացնելով չհակառակիլ հրեշտակի ձայնին։
Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը աւարտեց ըսելով թէ պէտք է հարց տալ թէ ի՞նչպէս է մեր յարաբերութիւնը՝ Աստուծմէ մեր պաշտպանութեան համար ուղարկուած հրեշտակին հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.