2014-10-02 14:31:44

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարի մասնակիցներուն։


1 – 3 հոկտեմբեր 2014, Հռոմի ''Villa Aurelia'' անուան կեդրոնի մէջ, տեղի կ՛ունենայ` Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդի 28-րդ լիանիստ հաւաքը։
Հինգշաբթի, 2 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց ժողովականներուն ու անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ մատնանշեց ''Caritas in veritate'' շրջաբերական թուղթի 5-րդ տարեդարձին որ կը զուգադիպի լիանսիտ գումարի առթիւ, ու նշեց անոր կարեւորութիւնը ընկերային աւետարանութեան շրջագիծէն ներս ու անոր սատարը ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համաշխարհայնացումի առաւելութիւններուն եւ վտանգներուն վրայ, երբ ան նկատի չառներ ժողովուրդներու բարիքը։
Արդարեւ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – եթէ մէկ կողմէն համաշխարհայնացումը մեծապէս սատարեց շատ մը երկիրներու համախառն հարստութեան աճումին, միւս կողմէն խորացուց ընկերային խումբերու միջեւ գոյացած բացը, ստեղծելով անհաւասարութիւն եւ նորանոր աղքատութիւն հարուստ նկատուած այդ նոյն երկիրներուն մէջ։
Քահանայապետը ապա նկատել տուաւ թէ այսօրուայ տնտեսական համակարգի բնագաւառներէն մին` ''աշխատանքի արժէքի միջազգային անհաւասարակշռութեան շահագործումն է'' ուր միլիառաւոր մարդիկ կ՛ապրին օրական երկու տոլարէն պակաս գումարով։
Նման անհաւասարակշռութիւն մը ոչ միայն չի յարգեր արժանաւորութիւնն անոնց որ աժան ձեռավարձքով աշխատանք կ՛ապահովեն այլեւ կը քանդէ աշխատանքի աղբիւրները այն տարածաշրջաններուն մէջ որտեղ այդ արժանապատուութիւնը պաշտպանուած է։ Անհաւասարութեան եւ աղքատութեան աճը վտանգի կ՛ենթարկեն ժողովրդավարութիւնը որը կ՛ենթադրէ շուկայական տնտեսութիւն մը որ չի բացառեր եւ արդար է։
Հարկ է ուրեմն յաղթահարել անհաւասարութեան եւ աղքատութեան կառուցուածքային պատճառները եւ այս առընչութեամբ ''Evangelii gaudium'' առաքելական յորդորագիրիս մէջ ուզեցի նշել երեք հիմնական միջոցներ` դաստիարակութիւնը եւ բուժումի ու աշխատանքի մատչելիութիւնը բոլորին – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – ընդգծելով աշխատանքի կարեւորութիւնը որպէս հիմնական իրաւունք, մարդու արժանաւորութեան համար եւ հասարակաց բարիքի ու խաղաղութեան իրագործումին ի սպաս։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա շեշտեց խոր բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը որոնք կը նախատեսեն արտադրուած հարստութեան վերաբաշխումը եւ ազատ շուկաներու տիեզերականացումը ի սպաս ընտանիքներուն։
Ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը ընդգծեց ''Caritas in veritate'' շրջաբերականի արդիականութիւնը։ Ճշմարտութեամբ լի սէր մը - ըսաւ Ան - հիմն է որուն վրայ կարելի է կերտել խաղաղութիւնը որուն յատկապէս կը կարօտինք, բոլորին բարիքին համար եւ որ կարելի կը դարձնէ դիմագրաւել վտանգաւոր ծայրայեղութիւնները ու յաղթահարել հակամարտութիւններու, գաղթականութեան, աղքատութեան, մարդավաճառութեան, ընկերային անարդարութեան եւ տնտեսական անհաւասարութեան երեւոյթները։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց վստահեցնելով թէ Եկեղեցին միշտ ուղեւորութեան մէջ է եւ նոր ուղիներ կ՛որոնէ աւետարանը հռչակելու ընկերային ասպարէզէն ներս ու շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց աշխատանքին համար անոնց վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.