2014-10-01 11:18:32

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը ''Սիրոյ փոքրիկ առաքեալներ'' հաստատութեան անդամներուն հետ։


Չորեքշաբթի, 1 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը , նախքան հրապարակային ունկնդրութեան, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ , ընդունեց ''Սիրոյ փոքրիկ առաքեալներ'' անուամբ հաստատութեան անդամները, որոնք Հռոմ ժամանած են, հաստատութեան հիմնադրութեան 60 ամեակի առթիւ՝ հանդիպելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Անոնց ուղղած խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նախ ողջունեց զանոնք շնորհակալութիւն յայտնելով եւ գնահատելով անոնց խնամակալ գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ''Սիրոյ փոքրիկ առաքեալներ'' հաստատութեան հիմնադիր՝ երանելի Լուիճի Մոնծայի մասին ըսաւ թէ ''ան հասկցաւ անկարներու հանդէպ մօտիկութեան կարեւորութիւնը, սիրով եւ ձեռնհասութեամբ ու աւելցուց ''ձեր հիմնադիրին ունեցած խարիզմը, որուն աջակցած է Աստուծոյ Ծառայ Պօղոս Զ Քահանայապետինը երբ Միլանօ թեմի արքեպիսկոպոս էր, տիպար հանդիսանայ բոլոր ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց որոնք պատասխանատուութիւնն ունին քաղաքական մարզէն ներս''։
Ֆրանչիսկսոս Պապը հաստատութեան անդամներուն հետ հանդիպումը աւարտեց անոնց վրայ հայցելով Առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով անոնցմէ որ աղօթեն իրեն համար, ապա բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանել Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը։
Յայտնենք որ առաւօտեան ժամը 9-ին Ֆրանչիսկոս Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական Աթոռին Առաքելական Կառավարիչ, `Արհի. Լեւոն Պօղոս Արք Զէքիեանին հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.