2014-09-30 08:59:45

“Հայ Մանուկներու Անձնական Աստուածաշունչը” գիրքի շնորհանդէս Քուէյթի մէջ


Նախագահութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանին, Ուրբաթ 26 Սեպտեմբեր 2014-ին, կէսօրուայ ժամը 1:00-ին, Ազգաին Առաջնորդարանի Արագած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տէր եւ Տիկ. Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեաններու պատրաստած «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Քուէյթի Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ վերապատուելի Էմմանուէլ Ղարիպը, Ամերիկայի եւ Հոլանտայի Աստուածաշունչի ընկերութեանց համաշխարհային ծրագիրներու վարիչները, Արաբական Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան հոգաբարձութենէն անդամներ եւ պաշտօնեաներ, Քուէյթի ազգային իշխանութեան անդամները, միութենական ներկայացուցիչներ եւ խումբ մը հաւատացեալներ։ Այս մասին կը յայտնէ Քուէյթի հայ համայնքի տեղեկատուական ծառայութիւնը։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արաբական Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար եւ գիրքին հեղինակը՝ դոկտ. Հրայր Ճեպեճեան։ Ան նախ անդրադարձաւ գիրքի գաղափարի յղացումին եւ անոր ծնունդ առնելու հանգրուաններուն։ Ան ըսաւ, որ գիրքը ձրիօրէն բաժնուեցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներու աշակերտութեան, յիշեցնելով որ գիրքը պիտի նպաստէ հայ մանուկի բարոյագիտական եւ քրիստոնէական ընդհանուր դաստիարակութեան։ Ապա խօսք առաւ Դոկտ. Արտա Ճեպեճեան, որ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը, նպատակը եւ զայն գործածելու կերպը, որովհետեւ գիրքը իր մէջ նաեւ կը բովանդակէ նկարներ, խաղեր, քարտէս։ Ապա եկեղեցւոյ դպրաց դասէն խումբ մը սարկաւագներ երգեցին փունչ մը շարականներ։
Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը։ Ան նախ գնահատեց դոկտ. Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեաններուն աշխատանքը, որուն յաջողութեան համար ճիգ չէին խնայած մատչելի եւ դիւրին ոճով հայ մանուկին յատուկ Աստուածաշունչը պատրաստելու, աշխատանք մը, որուն լծուած էին հաւատքով, նուիրումով ու սիպով։ Հայր Սուրբը ըսաւ, որ գիրքը յետ այսու սեփականութիւնը պիտի դառնայ հայ աշակերտին, որ պիտի նպաստէ անոր հոգեմտաւոր աճման ու դաստիարակութեան։ Աւարտին տեղի ունեցաւ «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» գինեձօնը։ Գիրքը տրամադրուեցաւ եւ պիտի տրամադրուի Լիբանանի, Քուէյթի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Կիպրոսի, Յունաստանի եւ Պոլսոյ հայ մանուկներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.