2014-09-30 09:02:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հոկտեմբեր ասմուայ գլխաւորած արարողութիւնները։


Յառաջիկայ Հոկտեմբեր 2014-ի ամսուայ ընթացքին (5 – 19), Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոդը նուիրուած Ընտանիքի հովուական հոգաբարձութեան մարտահրաւէրներուն։ Այս առթիւ շաբաթ 4 հոկտեմբերի երկոյեան ժամը 6-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրսոի հրապարակի վրայ կը գլխաւորէ աղօթքի հսկում, առ ի պատրաստութիւնը սիւնհոդոսական նիստերուն։ Հսկումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հինգ ցամաքամասերու 253 ներկայացուցիչները` եպիսկոպոսական դասերու նախագահներ, Արեւելեան կաթողիկէ համայնքներու հովուապետեր, Վատիկանի վերին վարչութեան կառավարիչներն ու նախագահները, կրօնաւորներներ քոյր եկեղեցիներու պատուիրակներ, ունկնդիրներ, եւ մասնագէտներ։ Իսկ Կիրակի 5 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճառին մէջ, Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի բացման առթիւ` սուրբ պատարագի արարողութիւնը։
12 Հոկտեմբերին միշտ Սուրբ Պետրոսի մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Քանատացի երկու սուրբերու` Ֆրանչէսքօ Տէ լաւալ եւ Մարիա Տէլլ Ինքարնացիոնէի, սուրբ պատարագի գոհաբանական արարողութիւնը որուն կը մասնակիցն Քէպէքէն ժամանած ուխատւիորներ։
Կիրակի 19 հոկտեմբերի ժամը 10,30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ Ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի եզրափակիչ սուրբ պատարագը որուն ընթացքին երանելի կը հռչակէ` Աստուածոյ Ծառայ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետը, իսկ յաջորդ օրը, Երկուշաբթի 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ կարտինալական ժողով յատկացուած մի քանի սուրբերու դատի սրբադասումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.