2014-09-30 12:41:42

Չատի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


29 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր 2014, Չատի հանրապետութեան եպիսկոպոսները իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կը կատարեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Ժան Քլոտ Պուշար մինչ Չատի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Թատէուս Օքոլոն։
Չատի հանրապետութիւնը, որ իր անկախութիւնը ձեռք բերած է 11 օգոստոս 1960-ին,­ ունի 1.284,000 քմ քառակուսի տարածք եւ 11.830, 573 բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը իսլամ կրօնի կը պատկանին մինչ քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան 1 երրորդը, որոնցմէ 10 առ հարիւրը կաթողիկէ են։
Երկիրը թէեւ հարուստ է նաւթային հանքերով, բնակչութիւնը սակայն կ՛ապրի աղքատութեան մէջ, հարստութեան արդար բաշխումի պակասի հետեւանքով։
Չատի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին, որ ծնունդ առած է 1846-ին, ներկայ է իր վեց թեմերով։ Չատի կաթողիկէ Եկեղեցին մեծապէս կը սատարէ ընկերութեան կեանքին, յատկապէս մարդկային զարգացումի ասպարէզէն ներս։ Եկեղեցին կը գործէ նաեւ` ընդհանրապէս պետութեան պատասխանատուութեան յանձնուած մարզերէն ներս, ներառեալ դաստիարակութիւնն ու առողջապահութիւնը, եւ ասոր համար ան կը վայելէ բնակչութեան յարգանքը։

Եկեղեցին յանձնառու նաեւ մահմետականներու հետ միջ կրօնական երկխօսութեան ուղիով ու տարբեր կրօններու եւ դաւանանքներու պատկանող հաւատացեալներու միջեւ համակեցութեան գծով։








All the contents on this site are copyrighted ©.