2014-09-29 12:44:17

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 29 սեպտեմբերի քարոզը՝ ''Սատանան իրողութիւնները կը ներկայացնէ որպէս բարի` սակայն ան կ՝ուզէ մարդկութիւնը քանդել''։


Երկուշաբթի, 29 սեպտեմբերին, ըստ լատինաց ծէսի Սուրբ Միքայէլ, Ռաֆայէլ եւ Գաբրիէլ Հրեշտակապետերու տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապտետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Հրեշտակներու վրայ եւ ասոնց դէմ Սատանային մղած պայքարներուն վրայ։
Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ Սատանան իր ծրագիրներ այնպէս մը կը ներկայացնէ իբր թէ բարի ըլլային, սակայն անոր դիտաւորութիւնը մարդկութիւնը քանդելն է։ Մինչ՝ հրշտակները մեզ կը պաշտպանեն։ Կը պաշտպանեն Մարդ Աստուածը, Գերագոյն Մարդը` Յիսուս Քրիստոսը որ մարդկութեան կատարելիութիւնն է։ Ասոր համար Եկեղեցին կը պատուէ հրեշտակները, որովհետեւ անոնք կը գտնուին Աստուծոյ Փառքին մէջ, եւ կը պաշտպանեն Աստուծոյ Խորհուրդը` Բանը որ մարմին եղաւ։
Աստուծոյ ժողովուրդին պարտականութիւնն է ''պահպանել Մարդ Յիսուսը որովհետեւ Ան է որ կեանք կու տայ բոլոր մարդոց'' ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց` ''քրիստոնէական կեանքին մէջ պայքարը առօրեայ իրողութիւն մըն է՝ մեր սրտերուն, մեր կեանքին, մեր ընտանիքին, մեր ժողովուրդին ու մեր եկեղեցիներուն մէջ։
Եթէ չպայքարինք պիտի պարտուինք. Թէեւ Տէրը այս գործը յանձնեց նախ եւ առաջ հրեշտակներուն` պայքարիլ ու յաղթել։
Քարոզին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Միքայէլ, Ռաֆայել եւ Գաբրիէլ Հրեշտակապետերուն որպէսզի շարունակեն պաշտպանեն մարդեղութեան ամենամեծ խորհուրդը` Բանը որ մարմին եղաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ, մեռաւ ու Յարութիւն առաւ։ Այս է մեր գանձը։ Թող հրեշտակապետը շարունակէ պայքարիլ ու զայն պահպանել։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը եզրափակելով։







All the contents on this site are copyrighted ©.