2014-09-29 12:14:42

Միացեալ Նահանգները եւ անոնց դաշնակիցները կը շարունակեն իրենց յարձակումները Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ։


Միացեալ Նահանգներ եւ անոնց դաշնակիցները ընդլայնեցին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ իրենց յարձակումները: Շաբաթ, 27 սեպտեմբերին, Հոմս նահանգի Թատմոր անապատին մէջ դիրք մը հարուածելէ ետք, ամերիկեան եւ դաշնակից օդանաւերը կիրակի օր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քարիւղի երեք զտարաններու դէմ նոր յարձակումներու շարք մը գործեցին:
Դաշնակից ուժերը նաեւ ռմբակոծեցին շրջափակուած Այն Արապ քաղաքի մերձակայքը: Անոնք ռմբակոծեցին Հալէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Քարամուղ, Ռուֆի եւ Սուսան գիւղերը:
«Մայատին» հաղորդեց, որ դաշնակից ուժերուն ռմբակոծած զտարանները փոքր են եւ շարժական: Անոնք բեռնակառքերու վրայ բեռցուած են եւ անոնց արտադրութիւնը առաւելագոյնը 500 տակառ է:
Դաշնակից ուժերը Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի մէջ 14 քարիւղի զտարաններ քանդած են, իսկ Թուրքիոյ սահմանակից Թել Ապիատի մէջ` մէկ հատ:
«Մայատին» հաղորդեց, որ յարձակումի ենթարկուած է Հոմսի եւ Տէր Զօրի անապատներու սահմանին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնը, սակայն Սուրիոյ պետութեան կամ երկրին հիմնական քարիւղի զտարանները յարձակումի չեն ենթարկուիր: Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արշաւին նոր երկիրներու մասնակցութենէն ետք ամերիկեան կողմը իր օդային հարուածները կեդրոնացուցած է Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն վրայ: Ամերիկացիք առաջին անգամ ըլլալով հարուածած են Հոմսի նահանգին մէջ գտնուող կեդրոններ, ինչպէս` անապատային Համատ շրջանը, որ Թատմորէն արեւելք կը գտնուի:
Դաշնակից ուժերը նաեւ առաջին անգամ ըլլալով հարուածած են Այն Արապ քաղաքի շրջապատը. Սի Թալապի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնները յարձակումի ենթարկուած են, ինչպէս նաեւ Ալի Շար շրջանին մէջ խմբաւորման պատկանող հրասայլերու շարասիւն մը, իսկ Հալէպի նահանգին մէջ` Մնպեժ քաղաքին մէջ դիրքեր:
Դաշնակից ուժերը քանի մը օրուան ընթացքին 300 թիրախներ հարուածած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.