Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական
եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական''
եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի
կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած
սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։ 2014-ի Հոկտեմբեր ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն
ընտրուած է. ''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ
աշխարհի այն շրջաններուն, որոնք թիրախ են բռնութեան եւ պատերազմին''։ Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան''
դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Միսիոներական Համաշխարհային օրը ամէն մէկ հաւատացեալի մէջ արթնցնէ
սէրն ու նուիրումը` համայն աշխարհին տանելու համար Աւետարանը: