2014-09-28 12:08:36

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզն ու Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը


Կիրակի, 28 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ , տարեցներու հաւաքի առթիւ մատուցած Սուրբ Պատարագին, որուն մասնակցեցան նաեւ 100 տարեց քահանաներ, Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզը կեդրոնացուց օրուայ սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր կը խօսուի Սուրբ Կոյս Մարիամի այցելութեան` ծերունի Եղիսաբեթին որ Աստուծոյ ողորմութեամբ յղի մնացած էր։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց Սուրբ Կոյս Մարիամի այս հանդիպումի գեղեցկութեան` օգնութեան հասնելու իր ազգականին ակնարկելով նաեւ Սուրբ Գիրքի այլ խօսքին ՝՝Պատուէ քու հայրդ եւ Մայրդ''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց վերոյիշեալ հանդիպումին որուն ընթացքին ՝՝Սուրբ Կոյս Մարիամը ունկնդրեց եւ իր սրտին մէջ պահպանեց Եղիսաբեթէն լսած խօսքերը որոնք հարստացուցին Մարիամի երիտասարդ հոգին''։
Ժողովուրդի մը ապագան կախեալ է այս հանդիպումէն`''երիտասարդներու ուժ կու տան տարեցներուն յառաջ ընթանալու համար , իսկ տարեցները իրենց կարգին իրենց յիշողութեամբ եւ խոհեմութեամբ կը հզօրացնեն երիտասարդներուն ուժը''
Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու ապա վերյիշեց Մատրիտի մէջ Ալվարօ Տէլ Փորթէլլոյի երանացման արարողութիւնը ու բոլոր հաւատացեալներուն հրաւէր ուղղելով աղօթել Ընտանիքի մասին գումարուած յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի դիտաւորութեան հայցելով '' Salus Populi Romani'' Տիրամօր բարեխօսութիւնը։ Ան ապա Աստուածամօր հովանիին յանձնեց բոլոր տարեցները յատկապէս դժուարութեան մէջ ապրողները։







All the contents on this site are copyrighted ©.