2014-09-27 13:32:23

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Ս. Հաղորդութեան միջազգային համագումարներու Քահանայապետական յանձնախումբի լիանիստ հաւաքի մասնակցողներուն։


Ս. Հաղորդութեան միջազգային համագումարներու Քահանայապետական յանձնախումբի անդամները ներկայիս կը գտնուին Հռոմ` պատրաստելու Ֆիլիպեան կղզեխումբի Սեպու թեմի մէջ, Յունուար 2016-ին կատարուելիք Ս. Հաղորդութեան միջազգային գիտաժողովը։ Սրբազան Հայրը, անոնց հանդիպելով ըսաւ. ''համայն կաթողիկէ աշխարհը այդ օրերուն իր ակնարկը պիտի սեւեռէ Ս. Հաղորդութեան գերագոյն խորհուրդին վրայ, լաւագոյնս վերանորոգուելու համար։ Ս. Հաղորդութիւնը առանցքը կը կազմէ Եկեղեցւոյ որովհետեւ ''Անով եկեղեցին կը կազմուի'', ինչպէս կը հաստատէ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը մէջբերելով ս. Օգոստոսի սա խօսքը ''Ան աստուածապաշտութեան խորհուրդն է, միութեան նշան ու սիրոյ կապ''։
Ձեր ընտրած յառաջիկայ գիտաժողովի նիւթն է. ''Քրիստոս ձեր մէջ, փառքի յոյս է''։ Այս բնաբանը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը ցոլացնէ կապը ընդմէջ ս. Հաղորդութեան ու առաքելութեան եւ քրիստոնէական յոյսին։ Այսօր աշխարհը կը տառապի յոյսի պակասէն եւ այդ պատճառաւ մարդկութիւնը ծարաւն ունի Յիսուս Քրիստոսի պատգամին։ Եկեղեցին եռանդով կը հռչակէ այս պատգամը նոր արտայայտութիւններով ու եղանակով։
Նոր աւետարանութեան ոգիով Եկեղեցին յառաջ կը տանի այս պատգամը բոլորին եւ յատկապէս այն քրիստոնեաներուն որոնք Եկեղեցիէն հեռացած են եւ կ'ապրին հեռու քրիստոնէական կեանքէն։
Ս. Հաղորդութեան միջազգային 51-րդ գիտաժողովը բոլորիս առիթ կ'ընծայէ փորձարկելու եւ ապրելու Ս. Հաղորդութիւնը որպէս հանդիպում մը Յիսուսի հետ որպէսզի ամէն անհատ ուրախութեամբ ու յոյսով ապրի իր անհատական, ընտանեկան ու ընկերային կեանքը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր կը յանձնարարեմ Ս. Հաղորդութեան միջազգային 51-րդ գիտաժողովը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Թող ան պաշտպանէ ու ընկերանայ ձեզի ու պտղաբեր դարձնէ ձեր աշխատանքը։ Աղօթեցէք ինծի համար եւ ձեզ ամէնքդ կ'օրհնեմ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Ս. Հաղորդութեան միջազգային համագումարներու Քահանայապետական յանձնախումբի անդամներուն ուղղած ճառին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.