Շաբաթ 27 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի
քաղաքապետարանի մատրան մէջ մատոյց սուրբ պատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ Վատիկանի
ոստիկանութեան անդամներուն որոնք կը տօնախմբեն իրենց հիմնադրութեան 198-րդ ամեակը, իրենց
պաշտպան սուրբ` Միքայէլ հրեշտակապետին տօնին առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր գրասենեակին
մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէն, Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչ, գերապայծառ
Քրիստոֆ Փիէրը Մեքսիքայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ճուզեփփէ Փինթօ Ֆիլիպեան
կղզեխումբի մօտ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Ֆրանչիսիսքօ Մոնթեչիլլօ Բատիլլա`Թանզանիայի
մօտ առաքելական նուիրակ։ Իսկ 12.15-ին Քլեմենթինա Սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ընդուեց
Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարի քահանայապետական յանձնախումբի լիակատար նիստի
մասնակիցները։ Մինչ յետմիջօրէի ժամը 5-ին Հռոմի ''Chiesa del Gesù'' Յիսուսեաններու
եկեղեցւոյ մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ ժամասացութեան արարողութիւնը եւ''թէ
Տէումի'' գոհաբանական աղօթքը, Յիսուսեան միաբանութեան վերահաստատումի 200րդ յոբելեանի
առիթով` 1884-ին Պիոս Է քահանայապետի կողմէ հրատարակուած “Sollicitudo omnium ecclesiarum”
առաքելական կոնդակով։ Մինչ Կղեմես ԺԴ քահանայապետը 1773-ին ջնջել տուած էր միաբանութիւնը։
Յայտնենք
թէ վաղը` Կիրակի, 28 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Վատիկանի
Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ հանդիպում պիտի ունենայ աշխարհի մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու
ու տարեց մարդոց հետ։ Հանդիպումին որուն բնաբանն է ''Երկարակեցութեան օրհնութիւնը'',
իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` 20 երկիրներէ ժամանած 40 հազար տարեցներ։
Նշենք
թէ հանդիպումը կազմակերպուած է Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ Ընտանիքի մասին
գումարուած սիւնհոդոսի նախօրեակին, հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Իրաքէն
ժամանած գաղթական զոյգ մը տարեցներ ` լսելի դարձնելու համար պայքարի դաշտերու եւ շրջաններու
մէջ ապրող տարեցներու ձայնը։