2014-09-27 09:40:46

ԱՄՆի գիտնականներու գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հիմնակէտն է երկրագունդի փրկութեան։


Վերջերս ''գիտութիւն'' ամերիկեան պարբերաթերթին մէջ երկու ամերկացի գիտնականներ յօդուած մը գրած են ուր կը յայտնեն որ կրօնապետերը եւ յատկապէս ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հիմնակետերէն մէկն է կասեցնելու բնապահպանութեան վատթարացումը եւ կլիմայի յեղաշրջումը։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յառաջիկայ տարւոյն սկիզբը պիտի հրապարակէ շրջաբեարական թուղթ մը ''Բնութեան պահպանումը'' նիւթին մասին։
Գիտնականները կը գնահատեն որ այս շրջաբերական թուղթը քաղաքագտէտներէ աւելի կարող է յուզել աւելի քան մէկ միլիառ մարդիկ բարեփոխելու իրենց ընթացքն ու ապրելակերպը, կասեցնելով կլիմայի ողբերգական յեղաշրջումը։ Մասնագէտներու գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը դրականօրէն կարող է նպաստել բնութեան պաշտպանութեան։
Մասնագէտները կը հաստատեն որ շուկայի տնտեսութիւնը անկարող է պահպանել երկրագունդը։ Զարգացնելու համար մնայուն կապ մը մարդու եւ բնութեան միջեւ ոչ միմիայն պէտք ունինք գիտնականներու ու քաղաքագէտներու միջամտութեան այլ եւ բարոյական իշխանութեան մը, որուն մեծագոյնն է ֆրանչիսկոս Քահանայապետը







All the contents on this site are copyrighted ©.