2014-09-26 13:37:35

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը ներկայ պիտի գտնուի տարեցներու հանդիպումին։


Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին իրեն ուղղած հրաւէրին, յառաջիկայ Կիրակի, 28 սեպտմեբեր 2014-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ` Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ նախաձեռնուած` ''Երկարակեցութեան օրհնութիւնը'' բնաբանով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի տարեցներու հետ հանդիպումին, ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, ։

Վերոյիշեալ հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 8.30-ին, Սուրբ Գրային ընթերցումներով որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու տարեցներու միջեւ զրոյցը ու ապա Նորին Սրբութեան նախագահած հրապարակային պատարագը։

Վաստակաւոր Քահանայապետը ներկայ կը գտնուի միայն հանդիպումի առաջին մասին 9.30 -10.30 ։

Յայտնենք որ, իր հրաժարականէն ետք, այս երրորդ անգամն է որ 87 ամեայ վաստակաւոր Քահանայապետը, հրապարակային մէկ հանդիպումի կը մասնակցի։ Առաջինը եղաւ` 22 փետրուար 2014-ին, սուրբ Պետրոսի մէջ նոր ծիրանաւորներու կարտինալական աստիճանի տուչութեան արարողութեան, երկրորդը սուրբ Յովհաննէս ԻԳ (1958 – 1963) եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ (1978-2005) քահանայապետներու սրբադասումի արարողութեան` 27 ապրիլ 2014-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.