2014-09-26 09:39:49

Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքի միջեւ հանդիպում Գոմոթինի մէջ


Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբերի կէսօրին, Յունաստանի հիւսիսային Գոմոթինի քաղաքին մէջ, Բարթողիմէոս տիեզերական պատրիարքին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան, միջ-եկեղեցական շարժումին ու յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին վերաբերող եւ զանազան այլ հարցեր: Յայտնենք, որ տիեզերական պատրիարքը եւ վեհափառը, այս օրերուն հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուին Յունաստանի հիւսիսային շրջանէն ներս: Երկու հոգեւոր պետերը առաւել քան քառասուն տարիներու ծանօթութիւն ունին եւ գործակցած են ԵՀԽէն ու միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս:
Երեկոյեան, երկու հոգեւոր պետերը միասնաբար այցելեցին Գոմոթինիի հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մուտքին անոնք ջերմօրէն դիմաւորուեցան հայ եւ յոյն հաւատացեալներու հսկայ բազմութեան կողմէ: Ներկայ էին պետական, կրօնական եւ զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական արարողութիւն:
Արամ Ա. Կաթողիկոսը խօսք առնելով եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց տիեզերական պատրիարքին ներկայութիւնը, յիշելով իրենց երկար տարիներու սերտ գործակցութիւնը: Կաթողիկոսը անդրադառնալով տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին, կարեւորութեամբ ընդգծեց միջ-կրօնական ու միջ-եկեղեցական գործակցութեան հրամայականը:
Բարթողիմէոս Տիեզերական պատրիարքը իր կարգին, խօսեցաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պատմական գործակցութեան մասին: Ան յիշեց, թէ այսօր եւս նոյն գործակցութիւնը գոյութիւն ունի՝ հակառակ առկայ աստուածաբանական տարբերութիւններուն: Այս ծիրէն ներս ան շեշտեց աստուածաբանական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ սկսած է շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր: Տիեզերական պատրիարքը իր խօսքը եզրակացուց գնահատելով հայ ժողովուրդի ունեցած հաւատքի տոկունութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը ու ամբողջական յաջողութիւնը փոխանցեց կաթողիկոսին, յատկապէս Միջին Արեւելքի այս տագնապալից օրերուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.