2014-09-26 09:14:14

Ազգականական յարաբերութիններու կարգաւորումը


RealAudioMP3 Ազգականական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին խօսելով կը հասկնանք թէ ինչպէս ընտանիք մը, զոյգ մը պարտի ազգականական յարաբերութիւնները կարգաւորել եւ դասաւորել, մէկ խօսքով՝ կանոնաւորել: Մարդ էակը ընկերային է եւ ընկերութենէ դուրս չի կրնար ապրիլ:
Մարդ էակը սերած է ընտանիքէ եւ այդ ընտանիքին կապուած կը մնայ արիւնով, պատկանելիութեամբ, հոգիով ու միտքով:
Ս. Գիրքին մէջ ալ կը կարդանք. «Հայրդ ու մայրդ պատուէ»:
Ս. Գիրքը կու տայ մեզի այս պատուիրանը, ըսելով՝ «Հայրդ ու Մայրդ պատուէ», առանց յայտնելու, թէ «ամուսնացած» ես կամ «ամուրի» ես, «պզտիկ» ես, թէ «մեծ»: Ուստի, այս պատուէրն է բոլոր տարիքներուն, բոլոր վիճակներուն եւ բոլոր ժամանակներուն համար:
Իսկ խօսելով ամուսնութեան եւ ամուսնացածներուն մասին Ս. Գիրքը կ՛ըսէ. «Այր մարդը իր հայրն ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ ետեւէն պիտի երթայ» (Ծն. 2,42): Այս խօսքերուն մէջ հակասութիւն չկայ: Զիրար լրացնող եւ ամբողջացնող խօսքեր են, որովհետեւ Ս. Գիրքը կը պաշտպանէ միշտ հօր եւ մօր յարգանքը եւ ուրիշ տեղ մը կ՛աւելցնէ ու կ՛ըսէ. «Ծերը օրհնութիւնն է տան»:
Յարաբերութիւն աներոջ եւ զոքանչին հետ: Այս յարաբերութիւնը պարտի հիմնուիլ նախ եւ առաջ փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ վրայ:
Յարգանքը կը բղխի մարդկային ֆիզիքական այն իրականութենէն, թէ անոնք ծնողք են եւ կը մնան կապուած իրենց զաւակներուն: սակայն այդ կապը սիրոյ կապի նման պարտի հիմնուիլ անկախութեան եւ ազատութեան վրայ, որովհետեւ ճշմարիտ սէրը կը պատրաստէ ոչ թէ գերիներ, ենթականեր, այլ՝ ազատ եւ անկախ անձեր՝ տէր իրենց կամքին, տէր իրենց որոշումներուն եւ տէր իրենց մտերմութեան:
Անշուշտ, պիտի առարկէք, դժուարութիւններու պարագային անձ մը ուր կրնայ դիմել, եթէ ոչ իր սիրելի անձին, եւ աղջկան մը համար, անշուշտ, մայրն է այդ սիրելի անձը:
Բայց իրականութեան մէջ բացարձակապէս պէտք է զգուշացնել զոյգերը դիմելու իրենց ծնողներուն դժուարութիւններուն, հարցերու կամ անհամաձայնութիւններու պարագային, որոնք կրնան ծագիլ: Առաջին` որովհետեւ զգացական դատումը կր խեղաթիւրէ ճշմարտութիւնը:
Երկրորդ նման պարագային ոեւէ անձ կը հակի կողմնակալութեան. «Ուր է քու գանձդ, հոն է նաեւ քու սիրտդ»:
Երրորդ` ծնողք մր չի կրնար իր դատումին մէջ անաչառ եւ արդար ըլլալ: Անաչառ կը նշանակէ այն, որ ուղիղ դատաստան կ՛ընէ իր խղճին համեմատ, առանց ուրիշի կարծիքէն տարուելու եւ կ՛աւելցնէ բառարանը «անկողմնակալ»:
Ինչ որ ըսինք կեսուրին կամ զոքանչին համար, նոյնը կ՛աւելցնենք հասարակ բարեկամներու համար: Այսինքն՝ ընտանիքի մը գաղտնիքը բացարձակապէս պէտք չէ հասարականայ եւ զոյգերը կը հասարակացնեն այդգաղտնիքը, երբ նախ՝ իրենց զաւակներուն առջեւ կը վիճաբանին բարձրաձայն, չըսելու համար, կը կռուին:
Երկրորդ՝ դրացիներուն լսելի ընեն իրենց անհամաձայնութիւնը:
Երրորդ՝ անցողակի բարեկամի մը կը պատմեն իրենց ընտանեկան տագնապը:
Չորրորդ զգալի կ՛ընեն ուրիշներու իրենց անհամաձայնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.