2014-09-25 09:26:17

Տօնական վերամուտ՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ։


Սեպտեմբեր 24-ի կանուխ առաւօտուն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի աշակերտութիւնը տօնական մթնոլորտի մը մէջ նշեց դպրոցական նոր տարեշրջանի վերամուտը:
Վարժարանի բակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին առջեւ, Մեսրոպեանի առաջինէն աւարտական դասարաններու աշակերտները վերամուտի հաւաքը սկսան Տէրունական աղօթքով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի ազգային օրհներգներով, որոնց յաջորդեց վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի խօսքը:
Պարոն Կ. Գալուստ բարի վերամուտ մաղթեց աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, կոչ ուղղելով, որ կրթական կեանքին առընչակից բոլոր կողմերը ամենայն լրջութեամբ, պատասխանատուութեան զգացումով եւ ամբողջական նուիրումով լծուին իրենց պարտականութիւններու կատարման՝ դպրոցական նոր տարին յաջողութեամբ պսակելու համար: Ան ըսաւ, որ 2014-2015 տարեշրջանին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը առիթ պէտք է ըլլայ յատուկ ուշադրութեան արժանացնելու մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքները, որոնց պաշտպանութեան համար էր, որ ինկան հայ ազգի մէկ ու կէս միլիոն նահատակները: Այս ծիրին մէջ, Կ. Գալուստ դիտել տուաւ հաւատաւոր օրինակը հայ մօր, որ Տէր Զօրի անապատի աւազը կը վերածէր գրատախտակի, գաղթի եւ ջարդի ճամբաներուն վրայ անգամ իր զաւկին մայրենի լեզուն աւանդելու համար: Այս օրինակէն մեկնելով, տնօրէնը կոչ ուղղեց ներկայ ծնողներուն քաջաբար դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները եւ գնահատելու այն պայմանները, որոնց մէջ իրենց զաւակները ներկայիս կը հետեւին ուսումնառութեան:
Հաւաքի գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան աշակերտներ Կարինէ Նէրսէսեան (մեներգ), Նաիրա Պաղտասարեան եւ Լորի Քէշիշեան (զուգերգ) եւ վարժարանի Շուշի պարախումբը: Աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Սերուժ Եթերեան, որ անդրադարձ մը կատարելէ ետք վարժարանի անցած 75 տարիներու վաստակին, կատարեց հաստատումը այն մասին, որ հայ աշակերտներ Մեսրոպեան կը յաճախեն գիտութեան եւ հաւատքի լոյս ամբարելու համար, եւ անոր շնորհիւ՝ յաջողելու կեանքին մէջ:
Վերամուտի հաւաքը փակուեցաւ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի պատգամով եւ պահպանիչով: Հայր Ղազար շեշտեց կրթութեան եւ դաստիարակութեան զոյգ օճախներուն՝ հայ դպրոցին եւ եկեղեցիին համատեղ գոյութեան եւ գործունէութեան կարեւորութիւնը, մեծցող սերունդներու հոգեմտաւոր կազմաւորումին համար:
Վերամուտի հաւաքի աւարտին, աշակերտները երկինք արձակեցին 100 եռագոյն փուչիկներ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ մանուկներուն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.