2014-09-25 11:13:44

Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԷՇԻ դիրքերուն վրայ դաշնակից ուժերու օդանաւային հարուածները կը շարունակուին


Դաշնակից ուժերու օդանաւերը շարունակեցին հարուածել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին, առաւօտեան օդանաւերը հարուածեցին Սարին շրջանին մէջ գտնուող դիրքեր եւ ՏԱՀԵՇ-ի մատակարարման գիծեր եղող շրջաններ, իսկ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին անոնք օդային հարուածներ հասցուցին ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ ամբողջովին պաշարուած Այն Արապի (Քոպանի) մօտ գտնուող շրջաններուն: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի օր օդանաւեր Թուրքիոյ օդային տարածքէն մուտք գործած են Սուրիա եւ հարուածած ՏԱՀԵՇ-ի մատակարարման գիծերը, սակայն «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ թրքական աղբիւր մը հերքած է, թէ Թուրքիոյ օդային տարածքը կամ Ինճիրլիքի զօրակայանը օգտագործուած է յարձակումը գործելու համար: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակէն աղբիւրներ իրենց կարգին հերքած են լուրը: Նշենք, որ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 23 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ յայտնած էր, որ Թուրքիա կրնայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններուն մասնակցութիւնը մերժող իր կեցուածքը փոխել եւ ներկայիս կը սերտէ դերակատարութիւն մը, որ «կը ներառէ ամէն բան: Թէ՛ զինուորական, թէ՛ քաղաքական»` աւելցնելով. «Անշուշտ մեր բաժինը պիտի կատարենք»:
Դաշնակից ուժերու օդանաւերը նաեւ տասնեակներով յարձակումներ գործեցին Տէր Զօր նահանգի Իրաքի սահմանակից Պուքամելի մօտ գտնուող Սինահա եւ Հաժանա շրջաններուն մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն եւ դիրքերուն դէմ: Սէուտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին զաւակը` Խալետ պըն Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ խումբ մը սէուտցի օդաչուներու հետ մասնակցած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներուն: Սէուտական լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը յայտարարած է. «Օդաչու զաւակներս իրենց կրօնին, հայրենիքին ու թագաւորին նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնը կատարեցին»:
«Սքայ Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ դաշնակից ուժերու օդանաւեր ռմբակոծած են Ռաքքայի եւ Հալէպի գիւղական շարք մը շրջաններուն մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:







All the contents on this site are copyrighted ©.