2014-09-25 10:50:03

Խօսէ՝ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին


Ընկերաբաններու մշակած տեսութիւններէն է նաեւ Դրապաշտոթիւնը (Positivisme):
Դրապաշտութեան հիմնադիր` ֆրանսացի փիլիսոփայ Օկիւստ Քոնթի համաձայն, կրօնի գիտակցումը մարդուն մէջ հետեւեալ ձեւով յառաջացած է.
-Նախամարդը չկարենալով բնութեան ուժերը բացատրել բնական ու գիտական միջոցներով, զանոնք աստուածացուցած է, զանոնք պատկերաց-նելով մարդու կերպարանքին ու ձգտումերուն համեմատ: Մարդ ինքզինք իբր տիպար առնելով, կրօնն ալ իր պատկերին վրայ ձեւաւորած է:
Ըստ դրապաշտութեան, այս ձեւաւորումը դարերու ընթացքին փոփոխուե-լով անցած է երեք հանգրուաններէ:
Կրօնական հանգրուան (religieux ) - Մարդը ֆեթիշիզմէն, այսինքն` քարի, խեցիի ինչպէս նաեւ բնապաշտական հանգրուանները անցնելով հասած է յունահռոմէական բազմաստուածութեան քաղաքակիրթ հանգրուանին, ուր մարդը աստուածացնելէ ետք, աստուածները կրկին մարդացուցած է:
Բնազանցական հանգրուան (mռtaphysique) – Մարդը բազմաստուա-ծութենէն անցած է միաստուածութեան, յղանալով ,գերագոյն պատճառեի գաղափարները: Այս երկրորդ հանգրուանին կը պատկանին հրէական, քրիստոնէական, իսլամական եւ Ծայրագոյն Ասիոյ բնազան-ցական կրօնները:
Դրապաշտական հանգրուան (positive)- Մարդը միաստուածութենէն անցած է Աստուծոյ ժխտումին: Դրապաշտութեան կամ արդի հանգրուա-նի մարդը, տիեզերքի գոյութիւնը բացատրելու համար, այլեւս կը դիմէ միայն գիտութեան:
Սակայն չի բաւեր իմաստասէրի մը տրամաբանութիւնը, թէ Գիտութիւնը ամէն բանի լուծումն է, կամ թէ ժողովուրդները կրօնին այլեւս պէտք չունին:
Օկիւստ Քոնթէն հարիւ տարի անց, Գիտութիւնը իր սահմանափակում-ները ճանչցաւ, կրօնն ալ կը շարունակէ թէ' իր գոյութիւնը եւ թէ' իր նոյն հարցականները. ո՞վ ենք մենք, ուսկի՞ց ենք, աշխարհը ինցպէ՞ս գոյութիւն ունի: Այս հարցումին վերջին պատասխանը` Գիտութիւնը հետեւեալ ձեւով ներկայացուցած է. Աշխարհ ծնունդ առած է զօրաւոր պայթումէ մը, որ կը համապատասխանէ Աստուածաշունչի նկարագրած վեցօրեայ արարչագործութեան, հոն ուր Ս. Գիրքը կ'ըսէ.- Աստուած ըսաւ` թող լոյս ըլլայ եւ լոյս եղաւ (Ծնն. 1, 3):

Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ, Կռանեանի գիրքէն







All the contents on this site are copyrighted ©.