2014-09-25 14:02:24

Իրաքի Քաղտիացիներու Պատրիարքին նամակը ուղղուած սփիւռքի կրօնաւորներուն ու քահանաներուն` ''հայրենիք վերադարձէք Աւետարանի ուրախութեամբ''։


Իրաքի Քաղտիացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռափայէլ Սաքօ, նամակ մը ուղղած է Իրաքցի սփիւռք ապրող կրօնաւորներուն ու քահանաներուն զանոնք հրաւիրելով վերադառնալ հայրենիք, իրենց հօտին մօտ գտնուելու համար։
''Իսլամական պետութեան մարտիկներու նուաճումներուն ի տես, միշտ աւելի հրատապ կը դառնայ ստիպողականութիւնը հոգ-հոգւոցով զբաղուելու'', կը գրէ Պատրիարքը` վերջին շրջանին առանց մեծաւորներու հրամանին երկրէն հեռացած բոլոր եկեղեցականներուն ուղղած նամակին մէջ։

Պատրիարքը կը յիշեցնէ կղերական կոչումին նպատակը` ըլլալ հաւատացեալներուն մօտ, քաջալերել ու հաւատքի մէջ ամրապնդել զանոնք, մասնաւորապէս նեղ ժամանակներուն։
Կղերականը ինքնագլուխ չի կրնար որոշել իր առաքելութեան տեղն ու կերպը։ Ան պարտադիր է համակերպիլ իր մեծաւորներուն կամքին ու չփնտռել իր անհատական հանգիստն ու փառքը։ Քահանան իր կոչումով կանչուած է ըլլալու սպասաւորը Աւետարանին ու իրեն յանձնուած հօտին։

Պատրիարքը նամակին մէջ կը յիշեցնէ 2013-թուականի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին կարգադրութիւնները հայող քահանաներու ու կրօնաւորներու տեղափոխութեան։ Իւրաքանչիւր եկեղեցական պարտադիր է համակերպիլ իր մեծաւորին կամքին։ Ուստի պատրիարքը կը հրաւիրէ բոլոր այն եկեղեցականները որոնք հեռացած են երկրէն ու ապաստան գտած սփիւռքի ժողովրդապետութիւններուն ու վանքերուն մէջ, մէկ ամիսէն, Իրաք վերադառնալ։

Յայտնենք որ իտալական եպիսկոպոսական համահաւաք դասը մէկ միլիոն եւրօ տրամադրած է Իրաքի եկեղեցւոյ որպէսզի կարողանայ լաւագոյնս կատարել իր առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.