2014-09-24 12:31:25

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Փիելիպեան կղզեխումբին պիտի սատարէ ընկերութեան բարեփոխումին, յայտարարած է կարտինալ Թակլէ։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Փիլիպեան կղզեխումբին պիտի բարեփոխէ անհատներն ու ընկերութիւնը, կը գրէ Մանիլայի առաջնորդ` կարտինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, այս առթիւ հաւատացեալներուն ուղղած իր մէկ նամակին մէջ։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 15-19 Յունուար 2015-ին, պիտի այցելէ Փիլիպեան կղզեխումբը հանդիսանալով երրորդ Քահանայապետը որ երկիրը կ`այցելէ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, երկու անգամներ այցելած էր երկիրը` 1981-ին եւ 1995-ին։ Նախապէս Պօղոս Զ Քահանայապետը այցելած էր երկիրը 1970-ին։
Սրբազան Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը որու բնաբանն է.``Ողորմութիւն եւ կարեկցութիւն``, կը գրէ միշտ կարտինալը, բոլորիս պիտի ընծայէ բարեպատեհութիւնը փորձարկելու Աստուծոյ շնորհքը, պիտի քաջալերէ անջատուելու վաղանցուկ բարիքներէ ի շահ աղքատներուն, բարեփոխելու համար ընկերութիւնը, պահպանելու արարչագործութիւնը եւ արժանաւոր կեանք մը ապրելու։
Կարտինալը հուսկ հրաւէր կ՛ուղղէ հաւատացեալներուն, փոխանակելու իրենց փորձառութիւններն ու ուրախութիւնները, Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան առիթով, լաւագոյն կերպով ըմբռնելու եւ խորացնելու համար հաւատքը։
Նշենք որ Հարաւային Քորէայէն ետք այս երկրորդ անգամն է որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ`այցելէ Ասիայի ցամաքամասը։ Միեւնոյն ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ նաեւ Սրի Լանքան 13-15 Յունուար 2015։








All the contents on this site are copyrighted ©.