2014-09-24 12:32:26

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մօտիկութիւնն ու աղօթքը Իպոլա համաճարակէ վարակուած հիւանդներուն։


Չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, յատուկ կոչ ուղղեց Ափրիկէի երկիրներուն մէջ, Էպոլա համաճարակի զոհ եղած ժողովուրդներուն ու մօտիկութիւն յայտնեց անոնց կրած տառապանքին, հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու զոհերու հոգիներուն դիտաւորութեան, յոյս յայտնելով որ միջազգային հասարակութիւնը շարունակէ իր ճիգերն ու օժանդակութիւնը ''ամոքելու համար մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն տառապանքները''։
Նշենք թէ երէկ, երեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին, ընդունելով Կանայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին իրենց կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ`
՝՝Յատուկէն կը մտածեմ եկեղեցւոյ առողջապահական առաքելութեան մասին, ոչ միայն Կանայի մէջ, այլ նաեւ բոլոր Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներուն մէջ՝ որ այժմ կը տառապին էպոլայի համաճարակէն։ Կ՝աղօթեմ զոհերուն համար որոնց մէջ կան նաեւ կղերականներ, ինչպէս նաեւ հիւանդապահներ որոնք հիւանդները խնամելու ընթացքին վարակուեցան համաճարակի սոսկալի հիւանդութենէն ։ Ֆրանչիկսոս Պապը ապա Աստուծմէ հայցեց որ այս աղէտալի հիւանդութիւնը դադրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.