2014-09-24 12:19:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ալպանիայի առաքելական ճամբորդութիւնը''։


Չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տարածքին համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն անոնց խօսելով Ալպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – այսօր կ՛ուզեմ խօսիլ անցեալ կիրակի Ալպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեանս մասին։ Այս մէկը կ՛ընեմ նախ եւ առաջ գոհաբանութիւն յայտնելու Աստուծոյ որ ինծի առիթը ընծայեց այս այցելութիւնը կատարելու բացայայտելու համար, ֆիզիկապէս նաեւ, իմ եւ համայն Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը ալպանացի ժողովուրդին։ Ապա իմ եղբայրական երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Ալպանիայի եպիսկոպոսներուն ու բոլոր կղերին ինչպէս նաեւ քաղաքական իշխանութիւններուն որ զիս ընդունեցին ու բոլոր անոնց որ կարելի դարձուցին ճամբորդութիւնը։
Ճամբորդութեան գաղափարը ծնունդ առաւ այն իղձէն` այցելել Երկիր մը որ բազմաթիւ տարիներ անաստուած եւ անմարդկային բռնատիրութեան տակ ապրելով այսօր կ՛ապրի համերաշխութեան փորձառութիւն մը իր կրօնական բոլոր բաղադրիչներուն միջեւ։ Քրիստոնեաներ եւ Մահմետականներ դաժան հալածանքներու ենթարկուեցան պարզապէս որովհետեւ կը հաւատային Աստուծոյ եւ այսօր անոնք կ՛ապրին խաղաղ համակեցութիւն։ Ասոր համար ճամբորդութեան որպէս կեդրոն հանդիսացաւ միջ կրօնական հանդիպումը ուր կարողացայ ուրախութեամբ ականատես ըլլալ թէ տարբեր հասարակութիւններու եւ կրօններուն պատկանող անհատներու միջեւ խաղաղ եւ պտղաբեր համակեցութիւնը ոչ միայն ցանկակի է այլեւ փաստացիօրէն կարելի եւ իրագործելի։ Յարաբերականութենէն հեռու իսկական երկխօսութիւն մը որ նկատի ունի ամէն անհատի ինքնութիւնը։ Այն ինչ որ բոլոր կրօններու արտայայտութիւնները կը միացնէ` կեանքի ուղեւորութիւնն է եւ բարի կամքը բարիք ընելու մերձաւորին առանց սակայն մերժելու կամ արժէքազրկելու իւրաքանչիւրի ինքնութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադարձաւ ճամբորդութեան ընթացքին իր ունեցած զանազան հանդիպումներուն մատնանշելով Ալպանիայի կղերին հետ ունեցած հանդիպումին որուն ընդմէջէն ի յայտ եկաւ Քրիստոսի սիրոյն համար զոհուած մարտիրոսներու հաւատքը որոնց թափուած արիւնը եղաւ ալպանիայի ապագայի սերմ – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը – մատնանշելով նոյնպէս բռնատիրութեան շրջանի ծերունի կղերականներու վկայութիւններուն։ Այսօր եւս Եկեղեցւոյ ուժը անոր կազմակերպչական կարողութեան կամ կառոյցներու մէջ չի կայանար, թէեւ անոնք ալ անհրաժեշտ են, այլ կը կայանայ Քրիստոսի սիրոյ մէջ։ Ուժ մը որ մեզի թիկունք կը կանգնի դժուարութեան պահերուն ու կը ներշնչէ ներկայ առաքելական գործունէութիւնը բոլորին շնորհելու համար սէր եւ ներում վկայելով Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Առ այդ մարտիրոսները պարտուած անձինք չեն այլ յաղթական ու անոնց հերոսական վկայութեան մէջ կը շողայ Աստուծոյ մեծակարողութիւնը որ միշտ կը մխիթարէ իր ժողովուրդը անոր առջեւ բանալով յոյսի նոր հորիզոններ. Այս յոյսի պատգամը որ հիմնուած է Քրիստոսի հաւատքի եւ անցեալի յիշատակի վրայ փոխանցեցի ալպանացի բոլոր ժողովուրդին, զանոնք քաջալերելով միշտ սնունդ առնել Յարուցեալ Քրիստոսէն որպէսզի դառնան աւետարանի եւ ընկերութեան թթխմորը ու յանձնառումով շարունակեն աշխատիլ դաստիարակչական եւ բարեսիրական մարզերէն ներս։
Սրբազան Հայրը ճառը եզրափակեց Բարի Խորհուրդի Տիրամօր յանձնելով ճամբորդութեան արդիւնքները եւ ալպանացի ժողովուրդին ներկան եւ ապագան ու ապա Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները հրաւիրեց յատուկ ողջոյն մը ուղարկելու այդ քաջասիրտ եւ գործունեայ ժողովուրդին, որ խաղաղութեան ճանապարհով կը ձգտի միութեան։
Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, խրախուսելով զանոնք ներշնչուիլ հալածուած քրիստոնեաներու Եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սերէն, քաջութեամբ դիմագրաւելով դժուարութեան պահերը եւ վստահ ըլլալով որ Տէրը երբեք իր թիկունքը եւ իր շնորհքը չի պակսեցներ իր զաւակներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.