2014-09-24 09:35:03

Ռայի Պատրիարքը շնորհաւորեց Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երեքշաբթի,23 սեպտեմբերին, ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսական պատուիրակութեան մը ուղղուեցաւ Տար Ֆաթուա` շնորհաւորելու համար հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը` իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իսլամներն ու քրիստոնեաները մէկ մշակոյթի տէր են եւ անկրօն պատերազմներու եւ ահաբեկչութեան այս դարուն լիբանանցիները կոչուած են պաշտպանելու իրենց լիբանանեան միացեալ մշակոյթը եւ դաստիարակելու իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք կարենան պահպանել Լիբանանը:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ յարանուանականութիւնն ու համայնքային խտրութիւնը աղաւաղած են լիբանանեան դիմագիծը եւ մերթ ընդ մերթ մեզի կը մղեն հարց տալու, թէ ա՞յս է մեր գիտցած Լիբանանը:
«Իբրեւ հոգեւոր պետեր մեր պարտականութիւնն է հսկելու սահմանադրական սկզբունքներուն գործադրութեան, լուռ չմնալու անարդարութեան դիմաց, ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, զօրակցելու բանակին եւ հակակշիռի տակ առնելու ապօրինի զէնքերը», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:
Միւֆթի Տըրիանը շնորհաւորելու նպատակով Տար Ֆաթուա ուղղուեցաւ նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, որ ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնն ու լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նեցուկ կանգնելու կենսականութիւնը:
Շէյխ Հասան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն եւ պատասխանատուներուն լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն շուրջ համախմբուելու` ընդգծելով, որ անոնք են Լիբանանի գոյութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան միակ երաշխիքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.