2014-09-24 12:14:23

Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ սկսաւ հարուածել


Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ այլ «գործընկերներու» օգնութեամբ հարուածները ընթացք առած են: Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը հարուածած են ռմբաձիգներով եւ «Թոմահոք» տիպի հրթիռներով, որոնք արձակուած են Միջերկրական ծովու միջազգային ջուրերուն մէջ գտնուող ամերիկեան մարտանաւերէ:
Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին հարուածներուն թիրախները Ռաքքա նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններն էին: Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ յարձակումին մասնակից էին Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Յորդանանը եւ Պահրէյնը: Յորդանանեան բանակը աւելի ուշ հաստատեց իր մասնակցութիւնը: Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւս հաստատեցին իրենց երկրին մասնակցութիւնը: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի մասնակցի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներուն:
Օդային հարուածները ներառած են Քայիտայի առնչակից Խորասան խմբաւորումը, որ կը պատրաստուէր ամերիկեան եւ եւրոպական շահերու դէմ յարձակումներու: Աղբիւրները նշեցին, որ այդ հարուածները պիտի շարունակուին:
Արդարեւ, երէկ ամերիկեան օդուժը շարունակեց Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումները` ռմբակոծելով Հասաքա նահանգի Հոլ շրջանը, Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Քաֆարտրիանի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի կեդրոնատեղի մը եւ Սարմատայի մէջ զինագործարան մը: Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժի մէկ հարուածին պատճառով սպաննուեցան Ժապհաթ Նուսրայի մարտական ղեկավարներէն Ապու Եուսեֆ Թուրքին եւ անոր զինակիցները:







All the contents on this site are copyrighted ©.