2014-09-23 08:54:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհաւորած է Հռոմի Հրեայ հասարակութիւնը հրէական երեք տօներու առթիւ։


''Աստուած մեզի պարգեւէ շնորհքը միասնաբար նպաստելու արդարութեան եւ խաղաղութեան զարգացումին, աշխարհի մը մէջ որ խիստ կարիքն ունի խաղաղութեան եւ արդարութեան''։ Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը, 22 սեպտեմբեր 2014-ին, Հռոմի հրեաներու րաբունապետ՝ Րիքքարտօ Տի Սէնյիին ուղղած պատգամին մէջ, հրեաներու ծիսական երեք տօներու առթիւ։
Քահանայապետը մաղթանքները ընդլայնելով նաեւ Հռոմի բոլոր Հրեայ հասարակութեան անոնց վրայ հայցած է ''Ամենաբարձեալին օրհնութիւնը որպէսզի տօնական այս օրերը՝ ըլլան աղբիւր երջանկութեան եւ առիթ ամրապնդելու ընտանեկան եւ հասարակական կապերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.