2014-09-22 13:12:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան երախտագիտութիւն յայտնելու Աստուածամօր։


Երկուշաբթի, 22 սեպտեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբզան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան, շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուածամօր, անոր պաշտպանութեան եւ Ալպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան յաղջողութեան համար։
Ինչպէս միշտ, Սրբազան Հայրը պահ մը կանգ առաւ ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' մատրան մէջ զետեղուած Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ այնտեղ զետեղելով ւ ծաղկեփունջ մը որ Իրեն նուիրած էին երէկ` Ալպանիայի Պեթանիա բարեսիրական կեդրոնի այցելութեան ընթացքին։
Պազիլիքայի մէջ գտնուող ուխտաւորները Սրբազան Հօր ընկերացան ''Ողջոյն Քեզ Մարիամ'' տաղի երգեցողութեան։
Ժամը 12,30-ին Սրբազան Հայրը վերադարձաւ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.