Հայաստան – Սփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները
20 սեպտեմբերին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի դահլիճին
մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովի վերջին լիագումար նիստը,
որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Հանրապետութեան
նախագահը իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը կրկին իր յարկին
տակ ընդունեց աշխարհասփիւռ մեր գործիչներուն Հայաստան-սփիւռք համաժողովը: Սրտանց կ՛ողջունեմ
բոլորդ մայր հայրենիքին մէջ»: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին
հանրապետութեան նախագահը նշեց. «2015-ին ազգովին պիտի ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան
100-րդ տարելիցը: 2015 թուականը քաղաքական լուրջ նախաձեռնութիւններու եւ ձեռքբերումներու
տարի պէտք է դառնայ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան համար»: Սուրիայէն ներգաղթած
սուրիահայերուն մասին խօսելով հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ «անոնք Եղեռնը վերապրած
մեր նախնիներուն բեկորներն են, որոնք, սփռուելով աշխարհով մէկ, կրցան պահպանել ազգային
դիմագիծն ու հայկականութիւնը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան աւելցնելով ըսաւ. «Ցաւօք սրտի,
շրջանային հակամարտութիւնները հետզհետէ կ՛աւելնան, եւ մեր գերնպատակը պէտք է ըլլայ աշխարհի
որեւէ ծայրը փորձութեան մէջ յայտնուած իւրաքանչիւր հայու ցաւին ու տառապանքին արձագանգելը`
անկախ աշխարհագրական հեռաւորութենէ, միասնական ուժերով անոնց օգնելն ու սատարելը»: Աւարտելով
խօսքը` նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան
վերականգնման 23-րդ տարեդարձին առիթով եւ կոչ ուղղեց բոլոր հայերուն անընդհատ ամրացնելու
կապը հայրենիքին հետ: