2014-09-20 13:16:20

Ֆրանչիսկոս Պապը 21 մարտ 2015-ին պիտի այցելէ Նափոլի քաղաքը։


Ուրբաթ, 19 սեպտեմբերին, Նափոլի քաղաքի պաշտպան սուրբ ՝ Սուրբ Ճէննարոյի տօնին առթիւ, թեմին արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Քրէշէնցիօ Սէփէ, այս առթիւ նախագահած սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, հաւատացեալներուն անակնկալի մատնեց անոնց հաղորդելով, թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ընդառաջելով Նափոլի այցելելու հրաւէրին, յառաջիկայ 21 մարտ 2015-ին, պիտի այցելէ Նափոլի քաղաքը։
Ֆրանչիսկոս Պապը, թեմի արքեպիսկոպոսին յայտնած է նաեւ իր փափաքը թէ վերոյիշեալ հովուական այցելութիւնը սկիզբ առնէ քաղաքին արուարձաններէն, ի նշան մօտիկութեան հեռու գտնուողներուն։
Հովուական այցելութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ թեմի աթոռանիստ եկեղեցին, յարգանք մատուցանելու, թեմին կղերկան դասին հետ միասին, տաճարին մէջ գտնուող Սուրբ Ճէննարոյի մասունքներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը օրուայ ճաշը պիտի բաժնեկցի մի քանի բանտարկեալներուն եւ հիւանդներուն հետ մինչ յետմիջօրէին պիտի հանդիպի երիտասարդներուն։
Նափոլի Քաղաքին Առաքելական այցելութիւնը վետջ պիտի գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.