2014-09-20 12:14:47

''Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հայաստան այցելելու հրաւէրը ու յայտնեց թէ այդ մէկը իր սրտի իղձն է'' ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։


2014-ի Սեպտեմբեր 18 -19, Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծէն ներս, ՀՀ Նախագահ` Վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգսեան, Ուրբաթ, 19 սեպտեմբերի առաւօտեան, առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, որմէ ետք հանդիպեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի եւ արտգործ նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիին հետ։
Ուրբաթ, 19 սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած` ՀՀ դեսպանատան մէջ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, Վսեմաշուք նախագահը հարցազրոյց մը շնորհեց Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի խմբագրութեան որուն մէջ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին շօշափուած նիւթերու մասին յատկապէս հաստատելով թէ ''Նորին Սրբութիւնը ընդունած է Հայաստան այցելելու հրաւէրը եւ յայտնած թէ այդ մէկը իր սրտի իղձն է''։
Նախագահ Սարգսեան խօսեցաւ ապա Հայաստան - Սուրբ Աթոռ կապերու մասին ու անոնց ընթացիկ զարգացումի եւ ամրապնդումի մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի քաղաքա-տնտեսական իրավիճակի մասին այսօր։
Զրոյցի ընթացքին ՀՀ նախագահը անդրադարձ կատարեց նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան, Քրիստոնեայ համայնքերուն ապրած տառապալի իրավիճակին ու այս առընչութեամբ Վատիկանի Պետքարտուղարին ներկայացուցած իր մէկ առաջարկի մասին։
Նախագահ Սարգսեան հուսկ պարզեց` Միջազգային գետնի վրայ` 2015 թուականի կարեւոր հանգրուանի առթիւ Հայաստանի ակնկալիքները։
Հարցազրոյցը ունկնդրելու համար` RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.