2014-09-20 14:46:37

Ամուսնութեան եկեղեցական ատեանի դատերու ընթացքի հայող բարեփոխումներու յանձնախումբի նշանակում։


Անցեալ 27 օգոստոս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կամք յայտնեց ստեղծել յատուկ յաձնախումբ մը ուսումնասիրելու համար ամուսնութեան դատական ընթացքի հայող բարեփոխումներ։
Շաբաթ, 20 սեպտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակած մէկ հաղորդագրութեամբ յայտնեց թէ վերոյիշեալ յանձնախումբի անձնակազմի նախագահութիւնը յանձնուած է Գերապայծառ Փիօ Վիթօ Փինթոյի` Քահանայապետական բարձրագոյն ատեանի նախագահը, ու ապա հրապարակեց վերոյիշեալ յանձնախումբի անդամներուն անունները։
Յանձնախումբին աշխատանքները կը սկսին մօտ օրէն ու անոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ բարեփոխումներ առաջարկել, դիւրընցնելով ատեանի գործընթացքը միշտ նկատի առնելով ամուսնութեան անլուծանելիութեան սկզբունքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.