2014-09-19 15:46:46

Ի՞նչ է Սէրը ինծի համար


RealAudioMP3 Մեր առօրեան՝ մեռցուցած է մեր մէջ մեր կեանքին ամենակարեւոր նպատակը եղող՝ սէ՛րը։ չեմ խօսիր ֆիզիքական կամ գգացական սիրոյ մասին, այլ հոգեկան։
Հոգեկան սէրը հ ոգիի՛ն սէրն է եւ ո՛չ թէ մարմինին, ան տարիքի հետ կապ չունի։ Մարմինը կը ծերանայ, հոգին չի՛ ծերանար։
Բայց սէրը միայն զգացում չէ, սէրը նաեւ գործ է, հաւատարմութեան, երախտագիտութեան, յարգանքի գործ։ Սէրը նուիրումի գործ է, համբերութեան գործ է։ Սէրր մարղոց միջեւ երախտապարտ փոխադարձութիւն է։
Ապրողը պէտք է սիրէ, կեանքը սէր է։ Բայց մեր մարմնական սիրոյն կողքին, գերբնական կեանք մը եւս պէտք է ապրինք։ Մենք միայն մարմին չենք, այլ նաեւ հոգի։ Չի բաւեր կեանքը սիրել իր մարմնաւոր ախորժակներէն մղուած հարկ է նաեւ Աստուա՛ծ սիրել իր հոգիով։
Սէրը կեա՛նք է։ Աստուած Կեա՛նք է, ուստի Աստուած Սէ՛ր է։ Սէրը մեզ մահէն դէպի կեա՛նք կ՝անցընէ (1 Յով 3, 11)։ Ս. Յովհաննէսի համար՝ կեանքը սէ՛ր կը նշանակէ։ Ուր սէր չկայ, ըստ Յովհաննէսի՝ հոն ոճրագո՛րծ մը կայ, ոճրագործ՝ ո՛չ թէ կեանքի, այլ ոճրագործ սիրոյ կեանքին։ "Ով որ իր եղբայրը ատէ, մարդասպան է", կ՝ըսէ Յովհաննէս (1 Յվ 3, 15)։ Այնպիսի մարդ մը տեղ չունի երկինքի արքայութեան մէջ, որ սիրո՛յ արքայութիւն է։ Ան որ չկրցաւ սէր ունենալ աշխարհիս վրայ, ինչպէ՞ս կրնայ երկինք մտնել, ուր ամէն ինչ սէր է։
Եթէ կը սիրես, ուրեմն կենդանի ես, եթէ չես սիրեր, նոյնիսկ եթէ կ՝ապրիս, մեռած ես, իբր թէ չես ապրիր։ Ինչպէս որ փիլիսոփաներուն համար՝ կեանքը շարժում կամ կենդանութիւն կը նշանակէ, գերբնական կարգին մէջ եւս՝ սիրելը կեանք է, հոգիի՛ կեանք է, շնորհքի կեանքն է, Աստուծո՛յ կեանքն է։
Ինչպէս որ արեւը լոյս կու տայ, սէրն ալ երջանկութիւն կու տայ։ Սէրը ո՛չ միայն կեա՛նքի, այլ երջանկութեան աղբիւր է։ Ուր սէր չկայ, ու՛ր ալ ըլլանք, հոն երջանկութիւն չկայ։ "Աստուած սէր է" կ՝ըսէ առաքեալը։







All the contents on this site are copyrighted ©.