2014-09-18 13:43:50

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Փղոսկրեայ Ափունքի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին հետ


Հինգշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունելով Փղոսկրեայ Ափունքի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ պաշտօնական այցելութեան առթիւ, անոնց յանձնեց պատգամ մը որուն մէջ
անդրադառնալով Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ տիրած բաժանումներուն եւ անկայուն կացութեան, ընդգծեց Եպիսկոպոսաց դասի միասնականութեան անհրահեշտութիւնը՝ վերահաստատելու համար եղբայրական կապերը եւ անոնցմէ խնդրեց կառուցողական յարաբերութիւն ունենալ երկրի քաղաքական եւ հասարակական իշխանութիւններու հետ՝ ի սպաս ազգային համերաշխութեան։Ինչպէս նաեւ քաջալերեց Եպիսկպոսները յարատեւելու մահմետականներուն հետ երկխօսութեան մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա խնդրեց իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել թեմի կղերին եւ հրաւէր ուղղեց եպիսկոպոսներուն հոգ տանելու թեմի քահանաներուն՝ զանոնք յաճախ այցելելով, մտիկ ընելով անոնց ու մօտէն ծանօթանալ անոնց հարցերուն։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ կարեւոր նկատեց` աշխարհական հաւատացեալներուն ներկայութիւնը Եկեղեցւոյ Հուվուական գործունէութեան մէջ եւ հրաւիրեց եպիսկոպոսներուն անէն ջանք ի գործ դնել դիւրացնելու համար անոնց հետ համերաշխ յարաբերութիւը եւ լուծելու որեւէ տեսակ խրովութիւն, ինչպէս նաեւ մօտիկ կանգնիլ ընտանիքներուն ու յատկապէս տարեցներուն եւ երիտասարդներուն։
Պատգամին աւարտին Սրբազան Հայրը գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եպիսկոպոսներուն տածած աշխատաքնին համար, աւետարանցումի շրջագիծէն ներս ու քաջալերեց զանոնք քաջութեամբ յարատեւել այդ ընթացքին մէջ մասնւորապէս հոգ տանելով հաւատացեալներու կազմաւորումին, բոլոր մակարդակներու վրայ։
Ան ապա հայցեց անոնց, անոնց կղերական մարմնին եւ հաւատացեաներուն վրայ, Սուրբ ՅՊԲ-ի եւ Խաղաղութեան Տիրամօր բարեխօսութիւնը ու անոնց շնորհեց իր Առաքելական Օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.