2014-09-18 08:41:03

Փղոսկրեայ Ափունքի եպիսկոպոսներուն այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


18-20 սեպտեպմբեր` Փղոսկրեայ Ափունքի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները Վատիկան ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Փղոսկրեայ Ափունքի հանրապետութիւնը որ իր անկախութիւնը հռչակած է` 7 օգոստոս 1960-ին, ունի 320,803 քմ քառակուսի տարածք եւ 20 միլիոն 500 հազարէ աւելի բնակչութիւն, որուն 23.5 առ հարիւրը կաթողիկէ են։
Փղոսկրեայ Ափունքի Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 15 թեմեր բաժանուած չորս Եկեղեցական մարզերու։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հիմնուած է 1970-ին ու անոր ներկայ նախագահն է` գերապայծառ Ալէքսիս Թուապլի Եուլու` Ակպովիլի եպիսկոպոսը։
Փղոսկրեայ Ափունքի Կաթողիկէ եկեղեցին յուզող հարցերէն է աւետարանութիւնը եւ հաւատացեալներու միջեւ եկեղեցական հաղորդութեան ամրապնդումը ինչպէս նաեւ երկրի միջկրօնական երկխօսութեան զարգացումը։ Փղոսկրեայ Ափունքի Կաթողիկէ Եկեղեցին յանձնառու է նաեւ երկրին մէջ հաշտութիւնը հաստատելու գծով, երկրի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով յայտնաբերուած բաժանումներուն եւ հակառակութիւններուն ի տես։








All the contents on this site are copyrighted ©.