2014-09-18 08:29:34

Սկովտիոյ անկախութեան շուրջ հանրաքուէ։


Բրիտանական կղզիներու հնագոյն քաղաքներէն մէկը` Սկովտիոյ մայրաքաղաք Էտինպուրկը կը պատրաստուի նոր էջ բանալու իր պատմութեան մէջ: Այսօր քաղաքի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Սկովտիոյ բնակիչները պիտի մասնակցին անկախութեան շուրջ հանրաքուէին, որ կրնայ վերջ դնել միասնական պետութեան կազմին մէջ Անգլիոյ եւ Սկովտիոյ 300-ամեայ պատմութեան:
Բրիտանական «Տը Սան» օրաթերթը հրապարակած է 14 նախկին բարձրաստիճան զինուորականներու բաց նամակը, որուն մէջ անոնք սկովտիացիներուն կոչ կ՛ուղղեն Բրիտանիայէն անկախանալուն դէմ քուէարկելու, որովհետեւ Բրիտանիոյ ներկայ պատկերին պահպանումը «խիստ կարեւոր է մեր ընդհանուր անվտանգութեան համար»:
Բրիտանացի բազմաթիւ նշանաւոր անձնաւորութիւններ վերջին օրերուն արտայայտուած են Սկովտիան Բրիտանիոյ կազմին մէջ պահելու օգտին: Ֆութպոլիստ Տէյվիտ Պեքհամ դիմած է սկովտիացիներուն` կոչ ուղղելով հանրաքուէի ընթացքին «ոչ» քուէարկելու:
Բրիտանիոյ միասնութեան պահպանման կողմնակիցներուն շարքին են «Ռոլինկ Սթոնզ» խումբի յառաջատար Միք Ճակըր, երաժիշտ Փոլ ՄքՔարթնի, կին դերասաններ Հելեն Պոնեմ Քարթըր եւ Ճուտի Տենչ, ֆիզիկոս Սթիվըն Հոքինզ, յօրինող Էնտրու Լոյտ Ուեպեր, գրող Ճոան Ռոուլինկ եւ ուրիշներ:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Սկովտիոյ Բրիտանիայէն անկախացման շուրջ հանրաքուէին քուէարկելու համար արձանագրուած է շուրջ 4,3 միլիոն մարդ: 2014-ի տուեալներով` Սկովտիոյ բնակչութեան թիւը 5,3 միլիոն է, որոնցմէ 4,4 միլիոնը` չափահաս քաղաքացիներ: Այսպիսով, քուէարկելու իրաւունք ունեցող սկովտիացիներուն 97 առ հարիւրը պիտի մասնակցի շրջանի կարգավիճակին շուրջ հանրաքուէին:








All the contents on this site are copyrighted ©.