2014-09-17 11:50:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Եկեղեցին Կաթողիկէ եւ առաքելական''։


Չորեքշաբթի, 17 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, այնտեղ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Շարունակելով Եկեղեցւոյ մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը իր ճառը կեդրոնացուց Հաւատոյ դաւանանքին մէջ արտասանուած ''կաթողիկէ եւ առաքելական Եկեղեցի'' խօսքին վրայ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, երբ կը դաւանինք մեր հաւատքը կը հաստատենք թէ Եկեղեցին կաթողիկէ եւ առաքելական է։
Կաթողիկէ կը նշանակէ տիեզերական, որովհետեւ ան տարածուած է ամէնուրէք եւ որովհետեւ ան տիեզերական կերպով կը դաստիարակէ բոլոր մարդոց սահմանուած հաւատքի ճշմարտութիւնները։Ի սկզբանէ իր այս տիեզերական բնոյթին բերումով Եկեղեցին կանչուած է աւետարանութեան։ Եկեղեցին դէպի դուրս բխող իրականութիւն մըն է որ առաքեալներու հիման վրայ ու անոնց հետ շարունակականութեամբ կանչուած է բոլոր մարդոց տանելու աւետարանի պագտամը, այսուհետեւ ան առաքելական է։
Մեզմէ ամէն մէկուն համար` Եկեղեցիին մաս կազմել, որ է կաթողիկէ եւ առաքելական, կը նշանակէ մարդկութեան փրկութեան մտահոգութիւնն ու իղձը ունենալ ու անտարբեր չմնալ մեր եղբայրներուն ճակատագիրին դիմաց ու կը նշանակէ մենք մեզ զգալ որպէս պատմգամաւորներ, առաքեալներուն հետ հաղորդութեան մէջ ու որպէս անոնց յաջորդները, հռչակելու Քրիստոսը ու Անոր սէրը բոլոր մարդոց։ Յարեց Սրբազան Հայրը ու ապա հրաւիրեց հաւատացեալները հայցել Տիրոջմէ որ ''մեր մէջ նորոգէ իր Հոգւոյն պարգեւները որպէսզի ամէն մէկ քրիստոնեայ հասարակութիւն եւ ամէն մէկ մկրտեալ` դառնայ կաթողիկէ եւ առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ արտայայտութիւնը։
Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը գտնուող տարբեր վայրերէ ժամանած հաւատացեալներուն եւ խօսքը ուղղելով Միջին Արեւելքէն ժամանած արաբախօս ուխտաւորներուն ըսաւ. ''Ով Սուրբ Երկիրներու զաւակներ, ուրտեղէն ծագեցաւ աւետումի ճրագը եւ հասաւ համայն տիեզերքին, ձեր բոլոր դժուարութիւններուն հանդերձ, եղէք միշտ` փրկութեան, Ճշմարտութեան եւ օրհնութեան պատգամի՝ քաջ եւ ուրախ, բեռնակիրները''։
Խոհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւն զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, խրախուսելով երիտասարդները հետեւելու Յիսուսին որ է` ճանապարհ, ճշմարտութիւն ու կեանք. հիւանդներուն յորդորեց հաւատքով դիմագրաւել խաչի խաւարային պահերը` եւ նորապսակեալները հրաւիրեց իրենց ընտանեկան կեանքը հիմնել Քրիստոսի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.