2014-09-17 11:49:19

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Հասկցողները եւ չհասկցողները
Աշխարհը լեցուն է ՜՜Հասկցողներով եւ չհասկցողներով՝՝... նայած այդ երկու խումբերէն մէկուն ու միւսին կազմաւորման, մտաւոր եւ հոգեւոր պատրաստութեան եղանակին, ունեցած առիթներուն, հնարաւորութիւններուն ու կարելիութիւններուն:
Շատ պարզ է, որ մեր ըսածը լսողներէն ոմանք պիտի հասկնան զայն, իսկ ուրիշներ՝ ո՛չ: Ամէն մարդէ կարելի չէ՛ սպասել նոյնքան պատրաստուածութիւն, գիտակցութիւն, իմացական կարողութիւն, կամ նոյնիսկ՝ շնորհք…
Տարբեր լեզուներ ունին որոշ բառեր աւելի շեշտուած իմաստային տարբերակներով օգտագործելու առաձգականութիւնը: Ատոր համար օգտագործուող կարեւորագոյն միջոցներէն մէկը ձայնային շեշտն է, որ պէտք է ընկերանայ այդ բառի արտաբերման միջոցին։ - Չհասկցա՛յ:
Միամտօրէն չհասկնալու պարագային, այս բառը «անմեղ» իմաստ կը զգենու: Սակայն, երբ ենթական այդ բառին կու տայ յաւելեալ շեշտ եւ ձայնային գունաւորում, նոյն բառը այս անգամ իր դիմացը գտնուող անձը վարկաբեկելու իմաստ կը ստանայ, այնպէս որ ատիկա կը դադրի «անմեղ» արտայայտութիւն մը ըլլալէ ու կը վերածուի յարձակողապաշտ նենգամիտ արարքի:
– Չհասկցա՛յ,- կ՛ըսէր մէկը, իրեն հետ այնքան յստակ խօսող եւ իր մտքերը շա՜տ լաւ բանաձեւելու կարողութեան տէր անձի մը, պարզապէս՝ չընդունելու համար անոր արտայայտած տեսակէտները: Անշուշտ խօսակիցն ալ իրաւունք ունի բացատրութիւն պահանջելու, թէ ինչո՞ւ այդ կեցուածքը որդեգրուեցաւ իր անձին նկատմամբ, եւ թէ ինչո՞ւ «չհասկցուեցաւ» ինք՝ իր մտածումներով կամ նոյնիսկ գործերով: Մէկ խօսքով, մարդոց բերանացի թէ գրաւոր գաղափարները կրնան ընդունելի չըլլալ բոլորին կողմէ, սակայն գէթ կրնան «հասկցուիլ» ԳԻՏԱԿԻՑ, ԲԱՆԻՄԱՑ ու ԿՐԹՈՒԱԾ մարդոց կողմէ:
Դեռ, ծաղրական արտայայտութեան ալ կրնայ վերածուիլ «չհասկցայ» բառը, երբ ատոր ճամբով մեր դէմը եղողին պարտադրենք անգամ մը եւս կրկնել իր արդէն իսկ ըսած խօսքը: Եթէ իսկապէս չենք հասկցած, բազմաթիւ այլ արտայայտութիւններով ու կերպերով կրնանք անոր ներողամտութիւնը խնդրել եւ լուսաբանութիւն պահանջել... հասկնալու ։ Սակայն, երբ մասնաւոր դիտում կայ, նպատակ կայ նուաստացնելու խօսակիցը կամ որեւէ այլ գրութեան մը հեղինակը, այն ատեն «չհասկցայ»ն արդէն իր վատ դերակատարութիւնը ունեցած կ՛ըլլայ:
«Չհասկցային» տուն տուող գլխաւոր պատճառներէն մէկը նախանձն է: Այն անձը, որ շատ «չի՛ հասկնար», անպայման տգէտ մը չէ, ո՛չ ալ կրթութեան պակասի հետեւանքով է որ շատ «չի՛ հասկնար», այլ անոր մօտ կայ դժբախտ ուրիշ երեւոյթ մը, որ կ՛արգիլէ իրեն հասկնալ այն, ինչ կը լսէ: Պատկերաւոր խօսքով՝ նախանձը լսողութեան տկարութիւն պատճառելէ աւելի, միտքի կեղծ տկարութեան մը պատճառ կը հանդիսանայ: Նախանձով լեցուն անձ մը, չի կրնար ուրիշին յաջողութեան լուրը լսել, ասոր համար կը գործածէ սովորական «չհասկնայ» նախադասութիւնը: Իր այդ «չհասկնալը» համազօր է «շատ լա՛ւ հասկնալուն»: Փաստօրէն, լաւ հասկնալուն համար է, որ ան չհասկնալ կը ձեւացնէ պարզապէս…
Նախանձէն ծնող ոխը եւս արգելք կը հանդիսանայ «հասկնալուն»: Իսկապէս, նախանձներուն «չհասկցածը» ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ մարդոց յաջողութիւնները, որոնք անոնց կարողութեամբ կը գոյանան ու կը պսակադրեն յաջողակը: Ան «չհասկցողներու» միտքէն բնաւ դուրս չի՛ գար, նոյնիսկ եթէ հեռաւոր երկիրի մէջ ալ գտնուի: Ասոր համար կ՝ըսենք ՜՜նախանձէն կը ծնի ոխը, որուն ճամբան երկար է, չըսելու համար՝ յաւիտեան՝՝: Չհասկցա՛յ,- կ՛ըսէր դարձեալ իմաստուն երեւցող անմիտ մը, կարծէք աւելի՛ իմաստութիւն ըմպելու մարմաջով…
Երբեմն պէ՛տք է այդպիսիներ «չհասկնան», որպէսզի խաղաղ աշխատանքի ընթացքը չվրդովեն ու միայն «չհասկնալու» սահմաններուն մէջ անգործ դեգերին:
Անոնց «չհասկցածները» ուշ թէ կանուխ հասկցողներ եւ շատ լա՛ւ հասկցողներ կ՛ըլլան, ու եթէ պէտք ըլլայ՝ իրենց ալ կը «հասկցնեն» թէ՛ ըսուածին իմաստը եւ թէ իրենց «չհասկնալուն» իսկական պատճառը:
Կեանքի ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, հակառակ կրթութեան ու լուսաւորութեան այս դարուն, նոյնիսկ համալասարանաւարտներու շարքերուն մէջ շատ պիտի հանդիպինք «չհասկցողներու»: Անոնց «չհասկնալուն» կարեւորութիւն տալ՝ կը նշանակէ տգիտութիւն տարածել: Ուստի, մերժելու համար խաւարն ու անգիտութիւնը, պէտք է մեր «հասկցածին» համապատասխան գործենք՝ անոնց ըսելով.
– Եթէ դուն չե՛ս հասկնար, ես ըսածս կը հասկնամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.