Արեւելքի Քրիստոնեաներուն նուիրուած ցուցահանդէսի բացում Հռոմի մէջ։
Հինգշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 18.30-ին, Հռոմի ''Վիթթորիանօ'' համալիրին
մէջ բացումը կը կատարուի ''Արեւելքի առակ ` Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեայի մարտահրաւէրին
դիմաց'' խորագիրով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած պատկերա-ցուցահանդէսին ի
ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգսիանի եւ Վատիկանի
Քահանայապետկան Մշակոյթի խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի։ Վերոյիշեալ
ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան
դեսպանութեան եւ ՍանթԷճիտիոյ հասարակութեան ջանքերով։ Ցուցահանդէսը որ կը վայելէ նաեւ
Վատիկանի Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդին հովանաւորութիւնը, հանրութեան բաց կը մնայ
մինչեւ 1 հոկտեմբեր 2014։ ''Արեւելքի առակ ` Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեայի մարտահրաւէրին
դիմաց'' ցուցահանդէսի ընդմէջէն կը ներկայացուի քրիստոնեայ հասարակութիւններու առօրեայի
ճակատագրական հանգրուանները, որոնք դրոշմեցին ու կը շարունակեն յատկանշել այդ համայնքներու
կեանքի ընթացքը։ Ցուցահանդէսը անցեալ 24էն -30 օգոստոս ցուցադրուեցաւ նաեւ Ռիմինիի ''ժողովուրդներու
միջեւ բարեկամութիւն'' 2014-ի, 35րդ հաւաքին, հուսկ Հռոմէն պիտի անցնի Պրիւքսել, Ժընեւ
ու ապա Նիւ Եորք։